Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Վիքթոր Կոնչարենքօ յայտարարեց անունները իր հաւաքականի անդամներուն, որոնք բարեկամական մրցումներ պիտի կատարեն Կիպրոսի (26 մարտ) եւ Հայաստանի դէմ (29 մարտ):
Առանձնայատուկ ուշադրութիւն գրաւած է յառաջապահ Կարէն Վարդանեանի ընդգրկումը ցուցակին մէջ: 22 տարեկան հայկական ծագում ունեցող ֆութպոլիստը նախապէս հրաւիրուած էր ազգային խումբ, բայց պաշտօնական ելոյթ ունեցած չէ տակաւին: Հօր կողմէն հայկական արմատներ ունենալով հանդերձ, Վարդանեան բազմիցս նշած է, որ ինքն իրեն պիելոռուս կը նկատէ, քանի որ դաստիարակուած է պիելոռուս մօր կողմէ:
Տինամօ Մինսքի յառաջապահը ակումբին հետ 27 ելոյթ ունեցած է` նշանակելով 10 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:
Հայաստանի հաւաքականը, բացի Պիելոռուսիոյ դէմ մրցումէն, բարեկամական մրցում մըն ալ պիտի կատարէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ 26 մարտին, սակայն այդ մրցումին կայանալը հարցականի տակ է, Միջին Արեւելքի մէջ ծագած պատերազմին պատճառով: