Ուրարտու պասքեթպոլի խումբը դարձաւ Հայաստանի ախոյեան եւ «Փրոպասքեթ Արմինիա Ա. լիկ»-ի 2025-2026 տարեշրջանի յաղթական:
Հատիս ակումբին դէմ աւարտական շարքը բաղկացած էր երկու մրցումներէ, եւ անցաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ: Առաջին ճակատումին Ուրարտու 86-71 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Երկրորդ հանդիպումին Հատիս յաղթեց 94-90 արդիւնքով, բայց երկու մրցումներուն կէտերու առաւելութեամբ Ուրարտու դարձաւ ախոյեան:
Վճռական վերջին մրցումը տեղի ունեցաւ «Մարմնակրթութեան (Սփորթի) կառավարման կեդրոն»-ի մարզական աւանին մէջ, ուր երկու խումբերն ալ հանդիսատեսներուն ներկայացուցին գեղեցիկ մրցում: Ճիշդ է, որ Հատիս յաղթեց 4 կէտերու տարբերութեամբ, բայց նկատի ունենալով առաջին մրցումին իր մեծ առաւելութիւնը (15 կէտ), Ուրարտու դարձաւ ախոյեան:
Աւարտականի «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուեցաւ Ուրարտուի մարզիկ Ուիլիամ Փոլ Հենտերսոն, որ 24 կէտ եւ 16 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ուրարտուի խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Հայաստանի ազգային խումբի մարզիկներ Դանիէլ Կիրակոսեան, Դանիիլ Գէորգեան, Արկադի Մկրտչեան, Կարէն Մելիքեան եւ Արայիկ Գէորգեան:
Հատիսի կազմէն կը խաղար ազգային խումբի սենթըր Դաւիթ Խաչատրեան: Այսպիսով, Ուրարտու շահեցաւ Հայաստանի տղոց 2025-2026 տարեշրջանի ախոյեանութիւնը: Ուրարտու նախապէս 2019-ին շահած էր Հայաստանի պասքեթպոլի գերբաժակը: