Ծաղկաձորի մէջ տեղի կ՛ունենան Տէյվիսի բաժակի Եւրոպայի գօտիի Դ. կարգի հանդիպումները` տղոց թենիսի ամէնէն կարեւոր միջազգային մրցաշարքերէն մէկուն ծիրին մէջ: Մրցումները տեղի կ՛ունենան քաղաքի գլխաւոր մարզահամալիրին մէջ:
Հայաստան կը ժամանեն Ալպանիոյ, Անտորրայի, Իսլանտայի, Լիխթենշթայնի, Մալթայի եւ Սան Մարինոյի ազգային խումբերը, որոնք կը պայքարին աւելի բարձր կարգ տեղափոխուելու համար:
Հայաստանի հաւաքականի կազմը, որ կը պատրաստուի եղանակի կարեւոր մրցաշարքերէն մէկուն, կը յայտարարուի աւելի ուշ: Կը սպասուի, որ ազգային խումբը իր «տնային» փուլին լաւագոյն մարզավիճակով կը մօտենայ` նկատի առնելով համակիրներուն ներկայ գտնուելուն կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ վերջին անգամ Տէյվիս բաժակի հանդիպումները Հայաստանի մէջ կատարուած էին 2008-ին:
2025-ի Հայաստան հանդէս եկած էր 3-րդ կարգի խումբերուն հետ, ուր վերջին դիրքը գրաւելէ ետք ան նահանջած էր 4-րդ կարգ: