«Պատերազմը ինքնին քանդիչ է, աւերիչ է, դժբախտաբար ցարդ տարուող ճիգերը ոչ մէկ դրական նշան ցոյց կու տան, որ պատերազմի աւարտը մօտալուտ է», յայտարարեց ՀՅԴ Լիբանանի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան երէկ «Վանայ ձայն»-ին հետ կայացած յատուկ հարցազրոյցի ընթացքին: Հարցազրոյցը վարեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան յիշեցուց, որ նախորդ տարուան յունիսին «մենք ապրեցանք նման փորձառութիւն, որ թէեւ աւարտեցաւ, սակայն առանց արդիւնքի, ու լարուած ընթացքը շարունակուեցաւ»: Յատուկ այս հարցազրոյցի ընթացքին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան պատասխանելով արծարծուող հարցերուն անդրադարձաւ շրջանի ու Լիբանանի եւ յատկապէս լիբանանահայութեան իրավիճակին ու կացութեան գծով առնուած ու առնուելիք քայլերուն: Համապատասխան նախարարութիւններէն ու կառոյցներէն կ՛իմանանք, թէ նուազագոյն երեք ամսուան պահեստի պատրաստութեան առկայութիւնը կայ: Դպրոցներու գծով կը հետեւինք կրթական նախարարութեան ցուցմունքներուն: Կան դպրոցներ, որոնք առցանց կը կատարեն դասաւանդութիւնները, իսկ ոմանք ալ աշակերտներու ներկայութեան` ըստ պայմաններուն:
Խորհրդարանական ընտրութեանց գծով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ նախքան յետաձգման որոշումը Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն էր, որ ընտրութիւնները կայանան իրենց ժամկէտին, այս սկզբունքով, որ պետական հաստատութիւններու պաշտօնավարման ժամկէտները պէտք է յարգուին, եւ առ այդ շրջաններու կոմիտէները սկսած էին նախընտրական աշխատանքի, սակայն պատերազմական կացութեան շարունակման լոյսին տակ Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ նիստով մը համաձայն գտնուեցաւ, որ ընտրութիւնները երկու տարիով յետաձգուին` տրուած ըլլալով, որ կացութեան շարունակումով մօտալուտ զինադադարի հաւանականութիւնը բարձր չէ: Անորոշ իրավիճակը եւս թոյլ չի տար, որ նեղ ժամկէտներու մէջ ընտրութեան նախապատրաստական եւ օրինական աշխատանքները իրականանան:
Պատերազմական վիճակի շարունակման պարագային մեր գաղութի, լիբանանահայութեան կարիքներուն անդրադառնալով Ալպեր Պալապանեան նշեց, որ երկուշաբթի օր միջկուսակցական ժողով գումարուած է, ուր հիմնական օրակարգը կեդրոնացած է հայութեան կարիքներու հոգածութեան վրայ: Գաղութի բոլոր կառոյցներուն հետ գործակցաբար համապատասխան ծրագիրներ մշակուած են, աշխատանքը կեդրոնացած է տարուող ճիգերու համադրումին վրայ: Առաջնորդ սրբազան հօր հետ ալ մենք յարաբերութեան մէջ ենք, եւ քանի մը հանդիպումներ արդէն կայացած են:
Գաղթականական հոսքի գծով Պալապանեան դիտել տուաւ, թէ արդէն իսկ Պուրճ Համուտի ծայրամասերուն որոշ քանակութեամբ տեղահանուածներ հաստատուած են, եւ նախատեսելի է, որ կացութեան շարունակումով այդ թիւը կրնայ աւելնալ, ու առ այդ համապատասխան քայլեր կրնան առնուիլ: «Այդ իմաստով մեր թելադրանքներն ու յորդորները մեր կոմիտէներուն առկայ են, որ զգուշ ըլլան եւ խուսափին որեւէ լարուածութեան մէջ ներքաշուելէ», դիտել տուաւ Պալապանեան:
Յարաբերական առումով «մեր որոշումը այն է, որ միջհամայնքային հաւանական բախումները պէտք է առաւելագոյն չափով հեռու պահենք», ընդգծեց Պալապանեան:
Պալապանեան «աշխատանքային ուղեցոյց» որակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրապարակած հայրապետական կոչը` այս առիթով ընդգծելով, որ վեհափառ հայրապետը շարունակ մեր եւ մեր գաղութներուն կողքին եղած է: «Վեհափառ հայրը ճիգ չէ խնայած զօրակցելու մեզի, եւ այդ հաղորդագրութիւնը նաեւ ուղղուած է արտերկրի մեր միւս գաղութներուն, եւ կը թուի, թէ այս ընթացքով մենք միւս գաղութներու օժանդակութեան պէտք պիտի ունենանք», նշեց Պալապանեան:
Լիբանանահայութեան թէ Լիբանանէն մեկնած հայորդիներուն ուղղելիք խօսքի մասին հարցումին անդրադառնալով Պալապանեան յայտնեց, թէ մեկնող լիբանանահայերը մեզ չեն մոռցած: «Կը հաւատանք, որ, արտասահմանի լիբանանահայերը պիտի ընդառաջեն օժանդակութեան որեւէ առաջարկի», նշեց Պալապանեան:
«Հասկնալով հանդերձ կացութեան եւ գալիք օրերու դժուարութիւնը, անգամ մը եւս կը կրկնեմ, որ մեր ժողովուրդը անտէր չէ, մինակ չէ: Ամէն իմաստով պատրաստ ըլլանք կացութիւնը դիմակայելու եւ բոլորուելու մեր կառոյցներուն շուրջ», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան:
