Արտաքին ճնշումներու ուժեղացման առընթեր պաշտօնական Պէյրութի հռետորաբանութիւնը եւս հետզհետէ աւելի համարձակ պահանջներ կը ներառէ Դիմադրութեան ապազինման կամ անոր զինուորական գործունէութեան արգելակման ուղղութեամբ:
Անշուշտ յայտարարութիւնները մէկ բան, գետնի վրայ արձանագրուող իրադարձութիւնները` այլ: Ի տարբերութիւն պատերազմական նախորդ արարներուն, պետութեան եւ Դիմադրութեան մօտեցումներն ու դիրքորոշումները տարբեր են: Սակայն կան հանգամանքներ, որոնք անպայման պէտք է նկատի ունենալ այս հակասութիւնները դիտարկելու ընթացքին:
Կառավարութեան համապատասխան որոշումներն ու անոնց առընթեր հնչող յայտարարութիւնները պարզ է, որ արտաքին պահանջով են: Կար անշուշտ ընդհանուր գործընթաց, հրադադարի համաձայնութեան յարգումի թէ միջազգային ընտանիքի համապատասխան որոշումներու իրականացման առումով: Սակայն այդ պայմանաւորուածութիւններու միայն լիբանանեան կողմի ստանձնած պարտաւորութիւններն են, որոնք կ՛ուզէին յարգուին` շրջանցելով իսրայէլեան ռազմական յանցագործութիւնները:
Պէյրութի պաշտօնական դիրքորոշումը սակայն միայն Դիմադրութեան զինաթափման կամ զինուորական գործունէութեան դադրեցումին չի վերաբերիր: Որոշումներուն եւ դիմումներուն մէջ կան այլ բաղադրիչներ եւ ուղղութիւններ, որոնք կ՛անտեսուին: Լիբանան իր դիւանագիտական ամբողջ համակարգը աշխուժացուցած է, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ` դադրեցնելու իր յարձակումները Լիբանանի վրայ:
Լրատուութիւններուն համաձայն, Ֆրանսայի միջնորդական փորձը կրակը դադրեցնելու բախած է Թել Աւիւի մերժումին, իսկ Ուաշինկթըն որեւէ քայլ առնելու համար անվերջ կը յիշեցնէ լիբանանեան կողմէն իր ակնկալածը` Դիմադրութիւնը զինաթափելու:
Այս բոլորին մէջ կայ սակայն խորքային խնդիր: Իսրայէլ առաջադրած է ստեղծել անվտանգութեան գօտի, ինչ որ կ՛ենթադրէ լիբանանեան տարածքներու իրողական բռնակցում: Լիբանանեան բանակը ինքնուրոյն դժուար թէ կարենայ դիմակայել նման սպառնալիք մը երկրի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած: Առաջարկուող բանակցութիւնները կամ հաստատուելիք թէական խաղաղութիւնը ուժերու հաւասարութիւն կ՛ենթադրէ: Այդ մէկը իր հերթին լիբանանեան բանակի հզօրացում, բնականաբար սպառազինութիւն յատկապէս ներկայ արհեստագիտութեան ամէնէն նորարար համակարգերով: Լիբանանեան բանակէն իր գործառոյթներու գործադրում եւ զէնքի մենաշնորհում ակնկալող արտաքին ուժերը եթէ չսպառազինեն բանակը ա՛յդ մակարդակով, Լիբանանը կը մնայ բռնագրաւուած եւ իսրայէլեան ոտնձգութիւններու ենթակայ երկիր:
Առանց ուժերու հաւասարակշռութեան, մէկ կողմը զինուորական առումով որեւէ պահու կը պարտադրէ ինքզինք միւս կողմին վրայ:
Այս հանգամանքները խիստ տարակուսելի կը դարձնեն լիբանանեան կողմին պաշտպանողականութիւնը տարածքային ամբողջականութիւն վերականգնելու կամ իսրայէլեան յարձակողապաշտութիւնը սանձելու առումներով:
Այս հանգամանքները անպայման նկատի պէտք է ունենալ եւ պաշտօնական Պէյրութի որոշումներուն ամբողջականութիւնը պէտք է ընկալել Դիմադրութեան ապազինման, զէնքի մենաշնորհումի սկզբունքային կեցուածքները ընկալելու ընթացքին: Ճիշդ գնահատելու համար Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ ուժային հաւասարակշռութեան ձեւաւորման հրամայականը եւ դիմակայելու` անհամեմատ սպառազինութեամբ օժտուած պետութեան ներխուժման գործողութիւնները:
«Ա.»