Լիբանանեան քանի մը օրակարգ գրաւած է արծարծուող նիւթերու առաջին հորիզոնականները: Անոնցմէ առաջինը զէնքի մենաշնորհումի գործընթացին առաջին փուլի աւարտի արձանագրումն է, իսկ երկրորդը խորհրդարանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու հրամայականն է:
Այս երկու օրակարգերը քաղաքական կապեր կրնան ունենալ` նկատի ունենալով զէնքի մենաշնորհումի յառաջիկայ փուլերուն ունենալիք ազդեցութիւնը խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ: Այստեղ սակայն այլ շեշտադրումներ կ՛արծարծուին, պետութեան հեղինակութեան պահպանման, արտաքին աշխարհին կողմէ ընկալելի ըլլալուն եւ քաղաքական պատճառներով որոշուած թուականները յետաձգելու նախկին վարքագիծի էջը դարձնելու առումներով:
Զէնքի մենաշնորհումի օրակարգը ամբողջական տրամաբանութիւն ունի սկզբունքով: Վարչապետին յայտարարութիւնը առ այն, որ 1969 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով լիբանանեան պետութիւնը Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ գործողութիւններու ամբողջական վերահսկողութիւն ունի, ունի իր ածանցեալ բաժինը:
Անոր համաձայն, կառավարութիւնը լիբանանեան բանակին նախարարաց խորհուրդին ներկայացուցած ծրագիրի երկրորդ փուլի ծիրին մէջ յառաջ կը շարժի Լիթանի գետի հիւսիսին մէջ: Ինչ կը վերաբերի հարաւային Լիբանանի կացութեան, թէեւ տեղի ունեցողը համապարփակ պատերազմ չէ, սակայն միակողմանի մաշեցման պատերազմ է` նշելով, որ Իսրայէլ գրեթէ առօրեայ յարձակումներ կը գործէ եւ տակաւին հարաւէն բաժիններ բռնագրաւուած կը պահէ:
Հարցադրումը յաւելեալ նշանակութիւն կ՛ունենայ: Զէնքի մենաշնորհումի առաջին փուլը կայացած է: Այդ կը նշանակէ, որ կայացած պայմանաւորուածութեան համաձայն, Հըզպալլան եւ լիբանանեան կողմը իրենց ստանձնած պարտաւորութիւններու առաջին փուլը կատարած են: Մինչ, Իսրայէլ կը շարունակէ խախտել զինադուլը, արգելակել հարաւային շրջաններու մէջ ժողովուրդի վերադարձը եւ ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ուղղութիւններով:
Հիմա կ՛ակնկալուի երկրորդ փուլի անցում, կամ Լիթանիի հիւսիսային հատուածէն յետքաշում: Ակնկալութեան այս յաջորդ փուլը հարցական կրնայ դառնալ, այնքան ատեն որ հակառակ առաջին փուլի իրականացումին, Իսրայէլի չի փոխեր իր դիրքորոշումն ու չի դադրեցներ ռազմական յարձակումները: Զինադուլն ու անոր հետեւելիք քայլերը, ըստ համաձայնութիւններուն, ամբողջական-փաթեթային էութիւն ունին եւ հետեւաբար համակողմանիօրէն եւ զուգահեռաբար գործադրելի են:
Համաձայնութիւններու միակողմանի գործադրութիւնը չի նպաստեր խաղաղութեան հաստատման: Ընդհակառակը` կրնայ խանգարիչ գործառոյթ ունենալ: Հասկնալի է, երբ արտաքին ուժեր միակողմանի պահանջներով կը ներկայանան լիբանանեան կողմին եւ կը շրջանցեն Իսրայէլի ստանձնած պարտաւորութիւններու գործադրութեան պահանջը: Լիբանանեան կողմեր սակայն, որքան նախանձախնդիր են զէնքի մենաշնորհի անմիջական իրականացումին, նոյնքան անհրաժեշտ է, որ դատապարտեն եւ պահանջեն համաձայնութեան ամբողջական փաթեթային-համաժամանակեայ գործադրութիւնը:
Համաձայնութիւններու գործադրութեան վերահսկողութիւնը սկզբունքով պիտի կատարէր այն մեքենականութիւնը, որուն ներգրաւուած էին նաեւ յանձնառութիւն ստանձնած Ուաշինկթընն ու Փարիզը: Ըստ լիբանանեան մամուլին, լիբանանեան պաշտօնական հեղինակութիւնները, հակառակ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին իրենց կատարած հաղորդակցութիւններուն, 14 յունուարին նախատեսուած ժողովի յետաձգումէն ետք, «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովի թուականի ճշդման վերաբերեալ ոչինչ ստացան:
Առկախուած է ուրեմն ճշդուած մեքենականութիւնը: Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը խնդիր ունին Փարիզին հետ: Այս խնդիրը աւելի համընդհանուր պարունակի մէջ կրնայ դիտարկուիլ նոր աշխարհակարգի ամերիկեան ձգտումներուն շարքին: ՄԱԿ-ի կառոյցը հեղինակազրկելու թէ անվտանգային նոր կառոյց ստեղծելու` «Խաղաղութեան խորհուրդ» խորագիրով:
Միջազգային այս վերահսկիչ համակարգի առկախումը ինքնին կրնայ աւելի անկաշկանդ ձգել եւ իրողապէս ճանապարհը բաց պահել Իսրայէլի առջեւ համաձայնութիւնները միակողմանիօրէն գործադրելու պահանջները շեշտելու եւ դէպի Լիբանան իր վարքագիծը շարունակելու:
«Ա.»