Թրամփ. «Հսկայական Ուժ Մը Իրան Կ՛ուղղուի, Եւ Զայն Պիտի Հարուածենք, Եթէ Որեւէ Մահապատիժ Գործադրէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ հսկայական նաւատորմիղ մը Իրան կ՛ուղղուի:

«Մօտէն կը հետեւինք Իրանին, եւ առ ի զգուշացում բազմաթիւ մարտանաւեր ունինք, որ այդտեղ կ՛ուղղուին», ըսաւ ան:

«Զայն պիտի հարուածենք, եթէ որեւէ մահապատիժ գործադրէ», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

«Իրան պէտք էր հիւլէական կառոյցները հարուածելնէս առաջ համաձայնութիւն գոյացնէր: Եթէ փորձէ իր հիւլէական կառոյցները վերականգնել, զայն դարձեալ պիտի հարուածենք», ընդգծեց Թրամփ:

Ամերիկացի երկու պաշտօնատարներ հինգշաբթի օր հաղորդած էին, որ ամերիկեան հարուածային օդանաւակիր մը եւ այլ սարքեր յառաջիկայ օրերուն Միջին Արեւելք պիտի հասնին, հակառակ այն իրողութեան, որ Թրամփ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ Իրանի դէմ նոր զինուորական գործողութենէ մը խուսափիլ:

Ամերիկեան շարք մը մարտանաւեր, ներառեալ «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը, անցեալ շաբաթ սկսան Իրանի մէջ ցոյցերու լոյսին տակ Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութեան մագլցումին պատճառով Ասիոյ եւ Հնդկաց ովկիանոսի շրջանէն Ծոցի շրջան ուղղուիլ:

 

Leave a Comment