• Հայաստան հասաւ ռուսական ցորենի առաջին բեռը Ատրպէյճանի Տարածքով ։ Յառաջիկայ օրերուն Հայաստան պիտի հասնի նաեւ ղազախական ծագման ցորենը։
• Եւրամիութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն․ Պայրամով-Կրոնօ հանդիպում։
• Ֆրանսայի դեսպանը շնորհաւորեց Հայաստանը Եւրամիութեան հետ վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագիրը ստանալուն առիթով։
• Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան աշխատանքային այցով Իտալիա մեկնած է:
• Ամերիկա այցելութենէն առաջ առաջարկուած է վերցնել Սուրիոյ նախագահ՝ Շարըհի դէմ առկայ պատժամիջոցները։
