Քալլաս. «Եւրոպան Ընդմիշտ Կը Փակէ Ռուսական Կազի Ծորակը»

Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլաս յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է 2027 թուականէն ընդմիշտ հրաժարիլ ռուսական կազէն:

Եւրոպական յանձնաժողովը նախքան այդ ուսումնասիրած էր ռուսական վառելանիւթէն ամբողջապէս հրաժարելու առաջարկները:

«Այսօր մենք ուրուագծեցինք մեր առաջարկը` մինչեւ 2027 թուականի վերջը արգիլելու ռուսական կազի ներածումը: Եւրոպան արդէն զգալիօրէն նուազեցուցած է իր կախեալութիւնը: Հիմա մենք ընդմիշտ կը փակենք կազի ծորակը: Ռուսիան այլեւս պիտի չկարենայ ուժանիւթը մեր դէմ իբրեւ զէնք օգտագործել», «Էքս»-ի վրայ գրած է Քայա Քալլաս:

Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի յանձնակատար Տան Եորկենսեն 17 յունիսին Եւրոպական յանձնաժողովին ներկայացուցած է Ռուսիայէն վառելանիւթի, ներառեալ բնական կազի եւ հեղուկացուած բնական կազի փուլային հրաժարման առաջարկներ:

Այս նպատակին հասնելու համար Եւրոպական Միութիւնը կրնայ օգտագործել նոր օրէնսդրութիւն եւ ոչ թէ պատժամիջոցներ:

Առաջարկին համաձայն, գործող կարճաժամկէտ պայմանագիրները պէտք է մինչեւ 2026 թուականի յունիսի կէսերը դադրեցուին, իսկ երկարաժամկէտ պայմանագիրները` մինչեւ 2027 թուականի վերջը:

Leave a Comment