Փութին Կը Խօսի Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ «Երկու Կողմերու Շահերուն Համընկնող Կարելի Համաձայնութեան» Մը Մասին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ս. Փեթերսպուրկի տնտեսական համախմբումի ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան Մոսկուայէն զինուորական աջակցութիւն չէ խնդրած, եւ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած գործընկերութեան համաձայնագիրը որեւէ զինուորական գործակցութիւն չի ներառեր:

Ան շեշտեց, որ չ՛ուզեր նոյնիսկ քննարկել Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի սպանութեան կարելիութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը ըսաւ, որ Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ «յարմար լուծում մը» տակաւին կարելի է` նշելով, որ իսրայէլեան վերջին հարուածները իրանեան պետութեան նկատմամբ «ժողովրդային զօրակցութիւնը ամրապնդեցին»:

Ան շարք մը լրագրողներու ներկայութեան պատկերասփռուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշեց, որ խնդիրը «նուրբ» է, սակայն լուծելի է, եթէ կամքը ապահովուի:

Ռուսիոյ նախագահը խօսեցաւ «երկու կողմերու շահերուն համընկնող կարելի համաձայնութեան» մը մասին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց Միացեալ Նահանգները Իրանի մէջ որեւէ զինուորական միջամտութիւն կատարելէ` նշելով. «Ատիկա պիտի ըլլայ չափազանց վտանգաւոր քայլ մը, որ անկանխատեսելի հետեւանքներ կը պարունակէ»:

«Մոսկուան Իրանի մէջ հիւլէական խաղաղ կայաններուն վրայ Իսրայէլի յարձակումները կը նկատէ բացարձակապէս անընդունելի», նշեց Զախարովա` աւելցնելով. «Ասիկա Իսրայէլի կողմէ ոճրային արկածախնդրութիւն մըն է, որ կը վտանգէ շրջանային ու համաշխարհային անվտանգութիւնը, եւ այդ յարձակումները հիւլէական զէնքի տարածումը արգիլելու պատրուակներով արդարացնելու փորձերը անհեթեթութիւն են»:

Ան նշեց, որ Ռուսիան մասնաւորաբար մտահոգ է յարձակումներէն Պուշահր հիւլէական կայանին վրայ, ուր ռուս մասնագէտներ կը գործեն:

Leave a Comment