Արեւմտահայերէն լուրեր 17 Յունիս. 2025 — Հայաստանի Հանրային Ռադիո

• Հայաստանի մէջ ճառագայթման որեւէ փոփոխութիւն չէ արձանագրուած։

• Ամբողջ գիշեր եւ առաւօտեան Իրան եւ Իսրայէլ իրար հարուածած են։

• Արաքչին քննարկած է տարածաշրջանի իրադրութիւնը Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ պաշտօնակիցներուն հետ։ Թեհրանը պատրաստ է հիւլէական բանակցութիւններուն՝ պայմանով, որ յարձակումները դադրին։

• Ամերիկան Մերձաւոր Արեւելք լրացուցիչ ուժեր կ՛ուղարկէ. Փենթակոն։

• Թրամփ վաղաժամ հեռացաւ G7-ի գագաթնաժողովէն` թեհրանցիներուն քաղաքը լքելու կոչ ընելէն յետոյ։ • Արաբական եւ իսլամական երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները կոչ ըրած են դադրեցնել Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւնները։

• «Հայրի՛կ, քեզ կը սիրեմ», Հայաստանի մէջ այսօր Հայրերու օր է։

Leave a Comment