Պասքեթպոլ. Հայաստան Երկու Մրցումներուն Ալ Յաղթեց Քոսթա Ռիքային

Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսումնամարզական հաւաք ունեցող Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային խումբը իր երկրորդ մրցումին 109-90 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Քոսթա Ռիքային:

Անտրէ Սփայթ Մկրտչեան «Էմ. Վի. Փի.» ընտրուեցաւ: Ան 19 կէտ եւ 8 էսիսթ կատարեց 3 ռիպաունտի կողքին:

Քոնոր Էսեճեան իր կարգին լաւ մրցում ունեցաւ` նշանակելով 17 կէտ: Ան 6 էսիսթ եւ 3 սթիլ կատարեց:

Նշենք, որ առաջին հանդիպումին ալ Հայաստան յաղթած էր Քոսթա Ռիքային` 86-62 արդիւնքով:

Աւելցնենք, որ ամսուն սկիզբը Հայաստանի ազգային խումբին մաս կազմելու հրաւէրներ ուղղուած էին ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի մարզիկներ Կապրիէլ Աճէմեանի եւ Կերի Չիւիչեանի, որոնք սակայն զանազան պատճառներով նախընտրած էին մնալ Լիբանան:

Կապրիէլ տարեշրջանի կարեւորագոյն մասին շատ կարեւոր տարր մըն է ՀՄԸՄ-ի համար, մինչ Կերի, որ լաւ տարեշրջան մը սկսած էր, վիրաւոր է:

 

Leave a Comment