Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին: Միացեալ Նահանգները, լաւագոյն պարագային, 30 օր տեւողութեամբ առանց նախապայմաններու զինադադարի հաստատման կոչ կ՛ուղղեն»:

Ան յոյս յայտնեց, որ «ընդունելի զինադադար մը կը յարգուի, եւ երկու երկիրները ուղիղ բանակցութիւններու սրբութիւնը յարգելու պատասխանատուութեան տէր կը կանգնին»:

Սպիտակ տան ղեկավարը Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հեռաձայնային իր հաղորդակցութենէն կարճ ժամանակ ետք սպառնաց. «Եթէ զինադադարը չյարգուի, Միացեալ Նահանգներն ու անոնց գործընկերները յաւելեալ պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն»:

«Շաբաթական հազարաւոր երիտասարդ զինուորներ կը սպաննուին, եւ պէտք է բոլորը այս բռնարարքին դադրեցումը պահանջեն: Ես ատիկա կը պահանջեմ, Միացեալ Նահանգները եւս նոյնը կը պահանջեն: Իբրեւ նախագահ, պիտի շարունակեմ յանձնառու մնալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան ապահովման, եւ եւրոպացիներուն հետ գործակցութեամբ, անիկա տեւական խաղաղութիւն մը պիտի ըլլայ», նշեց ան:

«Զինադադարը ի վերջոյ պէտք է խաղաղութեան համաձայնութեան յանգեցնէ: Ատիկա կարելի է շատ արագ իրագործել, եւ եթէ պէտք ըլլայ, որեւէ պահու տրամադրութեան տակ պիտի ըլլամ», շեշտեց Թրամփ:

Leave a Comment