Վենետիկեան հայրենիք մը   – Ազգ

Հայազգի ռումինացի ուսանող, քսանամեայ Գաբրիէլ Ալեքսանդրու Մարտիրոսը կամ պարզապէս Ալեքսը, այս տարի երկրորդ անգամ մասնակցեց Վենետիկի «Պո-Արաքս» մշակութային ընկերակցութեան կազմակերպած հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ամառային խտացեալ դասընթացին: Ինքնաշխատութեամբ սովորելով հայերէն՝ նա բաւական առաջադիմել է նախնիների լեզուի մէջ: Լինելով մեր ամենաուշիմ ուսանողներից մէկը՝ Ալեքսը զարմացնում էր ոչ միայն հայերէնի նրբութիւնների իր իմացութեամբ, այլեւ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ իր գիտելիքներով եւ տեղեկացուածութեամբ: Ալեքսն ուսանում է ճարտարագիտութիւն իր ծննդավայր Եաշում, այժմ մասնակցում է Իսպանիայի Եւրոպական Միութեան «Էրազմուս+» կրթաթոշակների ծրագրին:

Ընդառաջելով իմ առաջարկին՝ Ալեքսը գրեց մի յօդուած իր հայկական ինքնութեան եւ հայերէնը իւրացնելու իր փորձառութեան մասին, որը ներկայացնում ենք ստորեւ՝ փոքր շտկումներով:

ԱՐԾՎԻ ԲԱԽՉԻՆՅԱՆ

Վենետի՜կ, ո՜վ հրաշալի քաղաք, զոր բանաստեղծներն ու գուսանները երգեցին եւ փառաւորեցին: Զօրաւոր հանրապետութիւն, «Տիրապետողը» եւ Ադրիատիկին գոհարը: Ամբողջ լեզուի մը բառերը չեն բաւեր քեզ նկարագրելու համար: Բայց քու փայլքին մէջ, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն թանկարժէք ապրանքներուն քով, մեր ազգին ու մշակոյթին համար օրօրոց ու ապաստան մը եղար: Քու հմայքով ագահ չես եղած, եւ գեղեցկութեան ու արուեստի սէրդ, որ քու պաշտամունքը, աւելի ճիշդ, հոմանիշը դարձաւ, մեզի ալ ցուցադրեցիր: Հետեւաբար, բնական է որ մեր դասընթացքին շրջակայքն ըլլայիր:

Սակայն, ի սկզբանէ սկսինք: Ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ Ռումանիայէն տղայ մը իմացաւ ու հետաքրքրուեցաւ Վենետիկի արեւմտահայերէն դասընթացքով: Ծնած եմ Եաշ, հիւսիսային Ռումանիա: Իմ շփումս հայ ինքնութեանս հետ սկսաւ մանկութենէն, նախնական դպրոցը: Դասընկերներս ինծի միշտ կը հարցնէին մականունիս մասին, ուրեմն օր մը հօրս գացի եւ հարցուցի.

– Թաթա՜ (ռումիներէն՝ «հայրի՛կ»), մենք ինչո՞ւ այսպիսի տարբեր մականունով կը կոչուինք:
Ապա ան սկսաւ պատմել մեր ընտանիքին պատմութիւնը. որ իր մեծ հայրը հայ էր, որ ան բախտաւոր եղաւ Ցեղասպանութենէն վերապրիլ՝ Յունաստան տեղափոխուելով, թէ հոն յեղափոխական կազմակերպութեան մը միացաւ, բանտ նետուեցաւ, յետոյ բանտէն փախաւ, թէ ինչպէս Ռումանիա հասնելով՝ զօրքին միացաւ իբր կամաւոր եւ շքանշան մը ստացաւ Մըրըշեշդի մարտին մէջ, որ Ռումանիոյ ամենէն կարեւոր մարտը եղաւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ատեն:

Անոր համար, շատ երիտասարդ տարիքէն տեսակ մը «պաշտամունք» ունեցայ հօրս մեծ հօր հանդէպ, անսահման յարգանք մը մեր ընտանիքի հիմնադրին հանդէպ, յաճախ մտածելով, թէ ինչքա՛ն դժուար պէտք էր ըլլալ անոր զոհողութիւնը, զէրոյէն իր կեանքը նորէն սկսիլը: Մանաւանդ խորհեցայ անոր զգացած հսկայ մինակութեան շուրջ, եւ ան ուժեղ կարեկցութիւն պատճառեց ինծի: Արդեօք ես վերապրած պիտի ըլլայի՞ այսպիսի զօրաւոր լքման զգացումի մը: Իմանալով, որ ամբողջ իմ նախկին կեանքս, իմ ընկերներս, ծննդավայրս, ազգականներս ու յուշերս ընդմիշտ կորսուած էին, ես ալ մտքով կորսուած պիտի չըլլայի՞: Վստահաբար, «Ծերուկը» (ինչպէս հայրս զայն կը կոչէ) ինձմէ աւելի հուժկու հոգի ունէր:

Այդ բոլորին համար հայերէն սորվիլ որոշեցի: Մէկ կողմէ՝ արմատներուս մօտենալու: Միշտ զգացի, որ ինքնութիւնս բաժնուած էր երկուքի: Այո՛, ինքզինքս ռումանիացի կը զգայի: Բայց մարդիկ ինչո՞ւ այնքան կը զարմանային մականունս ըսելու ատենը: Կշտացած էի այդպիսի կէս բերանով ինքզինքս «արդարացնելէ», կարծես թէ իմ օտար արմատներս մեղք ըլլային: Սակայն ինքզինքս անելի մը մէջ կը զգայի. բացի մականունէս, ի՞նչ էին կապերս մեր հայ մշակոյթին հետ: Անպայման պէտք է լեզուս սորվէի: Միւս կողմէ՝ յարգել հօրս մեծ հօր յիշատակը: Ինչո՞ւ կռուած էր, ինչո՞ւ բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց կանգուն մնացած: Ի զո՞ւր: Անպայմա՛ն պէտք է լեզուս սորվէի:

Այս բոլորին մէջ օգնեց իմ հետազօտութիւնը: Այո՛, եթէ բնաւորութեանս մէկ յատկանիշ պէտք ըլլար շեշտել, զա՛յն պիտի շեշտէի: Իմ կարծիքով, անիկա ամէնքիս կեանքի փիլիսոփայութիւնը պէտք է ըլլայ: Անհամար են այս աշխարհի հրաշալիքները, զանազան տեսակներ: Ո՛չ միայն ֆիզիքական: Միլանի Մայր Տաճարը 600 տարի պահանջեց կառուցուելու: Ի՞նչ է մշակոյթ մը եւ լեզու մը, եթէ ոչ անթիւ սերունդներու ստեղծագործութիւն մը, որ 6000 կամ աւելի տարի պահանջեց ստեղծելու:

Ուստի, 16 կամ 17 տարեկանիս սկսայ հայերէն սորվիլ: Առաջին քայլերը շատ դժուար եղան, եւ յառաջընթացս կաղն ի կաղ կը կատարուէր: Սակայն, անխորտակելի որոշում մը ունէի, որ զիս կը ստիպէր ու կ’ոգեւորէր. պարսիկները առած մը ունին՝ «Ամէն լեզու բանալի մըն է դէպի աշխարհ մը», եւ ես ծարաւ էի հայոց աշխարհը, ի՛մ աշխարհը յայտնաբերելու: Ճամբան երկար ու դժուար եղաւ. այն ատեն, շատ աղբիւրներ չկային համացանցին վրայ, եւ ես չափազանց երկչոտ էի մեր քաղաքին քիչ հայախօսներուն հետ հանդիպելու եւ խօսելու: Վերջ ի վերջոյ, երբ որոշեցի իրենց հետ հանդիպիլ սկսիլ, զիս բաց գիրկով ընդունեցին, եւ հոն լսեցի առաջին անգամ Վենետիկի մասին: Որոշեցի, թէ անիկա տրամաբանական յաջորդ քայլն էր:

Կը մտաբերեմ առաջին օրը, երբ այդ գեղեցիկ քաղաքին փողոցներէն կը քալէի դէպի մեր դասարաններուն շէնքը, յուզուած եւ խանդավառ, կարծէք թէ անցեալ վերադարձած էի եւ մանկութեանս դպրոցի առաջին օրը կը կրկնէի: Մինչ կը քալէինք, սկսայ մարդոց հետ ծանօթանալ: Տեսնել, թէ ինչպէս, Աղէտի պատճառով, մոլորակի չորս ծայրեր տարածուած ու աքսորուած էինք, եւ մեր մշակոյթն ու լեզուն պահպանելու փափաքին պատճառով, միացած էինք Վենետիկ, շատ մեծ դրական տպաւորութիւն մը ձգեց վրաս: Ի մէջ այլոց, պատկանելիութիւն մը կը զգայի, կարծէք թէ ամէնքը հին ընկերներ էին: Կապի մէջ մնացած եմ ողջ երկրագունդի որոշ հայերու հետ, եւ կրնամ ըսել, թէ նոյնիսկ սիրուն բարեկամութիւններ ստեղծած ենք այդ շաբաթներուն ընթացքին: Սարոյեանը ճիշդ էր, ամէն անգամ երբ երկու հայ կը հանդիպին, նոր Հայրենիք մը կը շինեն: Եւ մենք հոն էինք, հայեր եւ ո՜չ միայն, Վենետիկի հայկական հոգին վերաշինելով ու պզտիկ Հայրենիք մը ստեղծելով:

Առիթը ունեցայ իմանալու, որ շատ հետաքրքրական մարդիկ դասընթացք եկան: Այո՛, մեծամասնութիւնը հայ էինք, բայց զանազան երկիրներէ մարդեր կու գային, եւ միշտ հետամուտ էի իմանալ անոնց հայերէն սորվելու պատճառները: Ճափոնցի լեզուաբան մը, որ իր երգելու զուարճալի կերպով մեզի հաճոյք պատճառեց, պարսիկ մը, որ հին հայ գրականութիւնը կ’ուսանէր, իտալացիներ, որոնք պարզապէս մեծ հետաքրքրութիւն ունէին մեր ազգին հանդէպ, եւ նոյնիսկ անդրանիկ դէպք մը վկայեցի. դասընթացքի քառասնամեայ պատմութեան ընթացքին, առաջին փորթուկալացի ուսանողը եկաւ: Որպէս հետեւանք, պզտիկ աշխարհ մը կար հոն: Չեմ կրնար նկարագրել, թէ որքա՜ն մեծ հպարտութիւն կը զգայի՝ տեսնելով այն յարգանքը, որ շարք մը օտարներ ցոյց կու տային մեր մշակոյթին հանդէպ: Իսկապէս, պզտիկ ժողովուրդ, բայց մեծ ազգ մըն ենք:

Եթէ չորս տարի առաջ ինծի ըսած ըլլայիք, թէ օր մը, ամբողջ յօդուած մը հայերէնով գրել պիտի կարենայի, չհաւատալով՝ գլուխս թօթուած պիտի ըլլայի: Սակայն, հիմա հոս ենք, եւ շօշափելի փաստը նոր կարդացած էք: Եւ այն բոլորը, Վենետիկի դասընթացքին եւ մեր ուսուցիչներու շնորհիւ, որ կարեւոր եղան իմ հայերէնի բարեփոխութեան համար: Ու անշուշտ, այն անձը, որ այդ բոլորին ռահվիրայ եղաւ, Սրբազան Հայր Լեւոն Արք. Զեքիեանն է: Հազա՛ր շնորհակալութիւն նուաստ ուսանողէ մը:

Ա՛յս է իմ հայ ինքնութեանս ու հայերէն սորվելուս պատմութիւնը: Թէպէտ արիւնի տեսակէտէն, շատերէն նուազ հայ եմ (բայց Գրիգոր Լուսաւորիչէն՝ աւելի), հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան զգացումը մեծցաւ ու մեծցուցի, եւ հիմա ես «աւելի ես» կը զգամ, ինծի գտայ, կարծես թէ հին ընկերոջ հետ նորէն հանդիպած եմ: Հպարտ կը զգամ մտածելով, որ այսպիսի հին, մեծ ու կարեւոր ազգի մը անդամ եմ, ազգ մը, որ բազմաթիւ գեղարուեստական շինութիւններ, պատմական դրուագներ եւ իմաստութեան գոհարներ մարդկութեան թողուց:
Եւ իբր վերջաբան, որպէսզի «պարծանքս» արդարացնեմ, Պարոյր Սեւակը պիտի վկայակոչեմ. «Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում, բայց մեզ էլ – գիտենք – մեզ հա՜յ են ասում: Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք: Կանք, պիտի լինենք, ու դեռ՝ շատանանք»…

Գաբրիէլ Ալեքսանտրու Մարտիրոս

(Ռումանիա)

Leave a Comment