«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան Պարտուեցաւ. Պայերն Հաւասարեցաւ – Aztag Daily

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի Բ. շաբթուան առաջին օրուան մրցումներուն, Ինթեր Միլան իր դաշտին վրայ 3-4 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Պելճիքայի Ֆ. Ք. Պրիւժէն:

Պրիւժի աստղերէն մէկն էր Ինթեր Միլանի նախկին բերդապահ Եան Զոմեր, որ մօտ 9 առիթներ զսպեց` փրկելով Պրիւժը աւելի քան 3 կոլեր ստանալէ:

Գերմանացի յառաջապահ Նիքոլօ Թրեզոլտի հեթ-թրիք իրագործեց ի նպաստ Պրիւժի, որ պահ մը 3-1 եւ 4-2 արդիւնքով յառաջացած էր: Լաութարօ Մարթինես 2 կոլ նշանակեց, մինչ 3-րդ կոլը նշանակեց Անկէ-Եոան Պոնի 93-րդ վայրկեանին:

Անակնկալ արդիւնք մըն էր Նորվեկիոյ Վայքինկի դաշտին վրայ, ուր տեղական խումբը կը հիւրընկալէր Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը:

Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք, Վայքինկ 3 յաջորդական կոլեր ստացաւ Հերի Քէյնի (2) եւ Լուիս Տիասի միջոցով:

Մայքըլ Օլիսէ կարմիր քարտ մը ստացաւ, եւ 73-րդ վայրկեանէն ետք Պայերն 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը:

Յետսապահ Հերման Եոհան Հաուկեն 90-րդ վայրկեանին նշանակեց Վայքինկի 3-3-ի կոլը:

Ստորեւ` Բ. շաբթուան առաջին օրուան արդիւնքները.

Լանս – Սփորթինկ Լիզպոն 0-2
Սապահ Պաքու – Սլաւիա Փրակա 2-0
Արսենալ – Լիլ 3-0
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0
Կալաթասարայ – Պարսելոնա 1-4
Ինթեր Միլան – Ֆ. Ք. Պրիւժ 3-4
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – ՓՍՎ Այնտհովըն 1-0
Վայքինկ – Պայերն Միւնիխ 3-3
Վիարէալ – Նափոլի 3-1

 

 

Leave a Comment