Ակնարկ. Ռուս-Ամերիկեան Գործարքային Դիւանագիտութիւն – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու նախագահին վերջին յայտարարութիւնը  առաջին հայեացքով կը շրջէ ընթացող աշխարհաքաղաքականութեան մէկ կարեւոր ուղղութիւնը: Խօսքը անշուշտ վառելանիւթի ոլորտին մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիոյ դաշնութիւն համաձայնութեան մասին է` հիմք ունենալով երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ կայացած հեռաձայնային զրոյցը:

Մնանք առաջին հայեացքներու սահմաններուն մէջ եւ արձանագրենք անմիջապէս, որ անհանգիստ երկու կողմեր անմիջականօրէն կրնան ըլլալ այս համաձայնութեան դիմաց: Առաջինը Ուքրանիան, եւ երկրորդը` Իրանը: Առանց շրջանցելու նաեւ Եւրոպան, որ ոգի ի բռին կը զօրակցի Ուքրանիոյ` Ռուսիոյ դէմ ընթացող հակամարտութեան:

Թրամփի յայտարարութիւնը իր շարունակութիւնը ունի: Ըստ անոր, պահը հասունցած է, որ Ուքրանիա ունենայ իր նոր նախագահը եւ դադրեցնէ Ռուսիոյ ուժանիւթային պաշարներու դէմ յարձակումները: Խաղի կանոնափոխութիւն ենթադրող այս յայտարարութիւնները սակայն, կրնան անպայման չառարկայանալ:

Թիրախային տարբեր ուղղութիւններ կան  Թրամփի շրջադարձային յայտարարութեան մէջ` վառելանիւթի համաշխարհային շուկային կապուած գիներու վերահսկողութիւն, ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերադասաւորում ու անոնց հետ անմիջականօրէն առնչութիւն ունեցող Ուքրանիոյ վրայ ճնշում եւ Իրանի դէմ կիրարկուող քաղաքականութեան սաստկացում:

Ակնկալելի էր, որ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները վերադառնային Իսլամապատի փաստաթուղթին, վերադասաւորուէին նախապէս համաձայնեցուած կէտերու յաջորդականութիւնները, եւ կողմերը առնուազն յանգէին ժամանակաւոր հրադադարի: Այս բոլորը Հորմուզի շուրջ կ՛ենթադրէր միջանկեալ կարգավիճակի համաձայնութիւն, ինչ որ իր հերթին գիներու կտրուկ նուազեցումի պիտի առաջնորդէր: Այդ նուազումէն պիտի օգտուէր գործող վարչակարգը, որուն համար թիրախ էին նոյեմբերի միջանկեալ ընտրութիւնները: Թրամփի յայտարարութիւնը կատարեց շրջադարձ:

Հիմա, նոյն նպատակին` վառելանիւթի գիներու նուազում ապահովելու համար, Թրամփ կը փոխէր ուղղութիւնը դէպի Մոսկուա: Այս կը նշանակէ երեւութապէս, որ Իրանի դէմ խստացումը կը շարունակուի, եւ մօտալուտ չէ համաձայնութիւնը, ըստ նախկին յայտարարութիւններուն:

Այստեղ եւս բացարձակ պէտք չէ ընկալել տեղի ունենալիքը: Թրամփի յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներ կը վերահսկեն Հորմուզի նեղուցը, տարակուսելի կը թուի: Քաղաքական յայտարարութիւններն ու ռազմական իրականութիւնները յաճախ չեն համընկնիր: Չի բացառուիր, որ Հորմուզի շուրջ շարունակուին բանակցութիւնները: Իրանը, գիտակից դէպի նոյեմբեր ձգտող ամերիկեան աճապարանքին, չ՛երթար զիջումներու: Հիմա Մոսկուան է, որ կ՛օգտուի` իր ուժանիւթի պաշարներու արտածման արտօնութիւն ստանալով:

Այս բոլորին արդիւնքը, գէթ ներկայ դրուածքով, այն է, որ Ուքրանիոյ շուրջ գոյացած հաւաքական Արեւմուտքի միասնական զօրակցութիւն մէջ կարեւոր ճեղք կը յառաջանայ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի միջեւ: Պարզ է, որ ամերիկեան գործող վարչակարգի այսօրուան մեծամասնութեան համար խիստ հրամայական է վառելանիւթի գիներու կտրուկ անկումը եւ ուժանիւթի համաշխարհային շուկայի վերահսկողութիւնը:

Եթէ վառելանիւթի գիներու արագ անկում չարձանագրուի, հանգամանքները կը փոխուին: Հանգամանքները կրնան փոխուիլ նաեւ նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք: Խնդիրը, հայկական կողմի ոսպնեակէն դիտուած, այն է, որ այս բոլոր գործընթացներն ու խաղի կանոններու յարափոփոխութիւնը ի՛նչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի եւ ինչու չէ նաեւ Միջին Արեւելքի վրայ:

«Ա.»

Leave a Comment