Ճիւտօ. Նարեկ Վարդանեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին – Aztag Daily

Պաքուի մէջ տեղի կ՛ունենայ ճիւտոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցին 622 մարզիկներ` 93 երկիրներէ: Հայաստան չմասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, բայց շուէտահայ Նարեկ Վարդանեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 73 քկ կշիռի մրցումներուն:

18 տարեկան Վարդանեան պարտութեան մատնեց թուրք մրցակից Իպրահիմ Տեմիրելը` Բ. հանգրուանի իր մրցումին:

Վարդանեան նաեւ դուրս ձգեց Փոլ Ժուել Ալիմա Ֆուտան` Ա. հանգրուանին, ապա Տեմիրելը` Բ. հանգրուանին: Սակայն ան Գ. հանգրուանին պարտութիւն կրեց պրազիլցի Տանիէլ Քարկնինէն, որ նախապէս քանի մը առիթով բարձրացած է Ողիմպիական խաղերու եւ աշխարհի ախոյեանութեան պատուոյ հարթակ:

Նկատի առնելով, որ 73 քկ կշիռի մասնակիցները մօտ 50 հոգի են, Գ. հանգրուան հասնիլը ինքնին արդէն նշելի կէտ մըն է Վարդանեանի համար, որ տակաւին փորձառութեան կարիք ունի:

Վարդանեան 2026-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն ոսկի մետալը շահած էր մարտին Ռիկայի մէջ պարտութեան մատնելէ ետք Վլատ Միթրուն, ինչպէս նաեւ անցեալ տարի շահած էր երիտասրդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալը:

Leave a Comment