Մարմնամարզութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ուսումնամարզական Հաւաք Կ՛ունենայ – Aztag Daily

Աշխարհի ախոյեանութեան նախօրեակին, Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը ուսումնամարզական հաւաք կը կատարէ:

«Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հայաստանի հաւաքականը այժմ կը գտնուի Գերմանիա, ուր մինչեւ 12 հոկտեմբեր ուսումնամարզական հաւաք կ՛ունենայ:

17-էն 25 հոկտեմբերին, Նետերլանտներու Ռոթերտամ քաղաքին մէջ աշխարհի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը պիտի մասնակցի Արթուր Դաւթեանի, Արթուր Աւետիսեանի, Համլեթ Մանուկեանի եւ Մամիկոն Խաչատրեանի հետ:

Leave a Comment