Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ – Aztag Daily

Եմէնի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններու նոր մագլցումը ենթադրել կու տայ, որ իրանեան ճակատը երկրորդ գիծ մղուած է միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Այսօր Եմէնի հետ համեմատած արդէն Կազան, Լիբանանն ու նոյնիսկ Իրանը կը նկատուին եթէ ոչ անպայման սառեցուած, ապա աւելի մեղմ բախման կէտեր:

Հուսիներու աշխուժացումը, պարզ է, որ իրանեան ներշնչում ունի, նկատի ունենալով Իրանի կարեւորագոյն արտաքին յենակէտ ըլլալու հանգամանքը: Թեհրանի մարտավարութիւնը Եմէնի շրջանը աշխուժացնելու եւ իր ազդեցութեան տակ գործող հուսիներուն յառաջխաղացքը առաջադրելու, ռազմախաղի մեծ կանոն կը փոխէ, Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյեմբերեան միջանկեալ ընտրութիւններու նախօրէին:

Այստեղ կայ երկրորդ Հորմուզի պարագան` Պապ Մանտեպը: Աւելի ճիշդը, արտահանման քանակները նկատի ունենալով թերեւս Հորմուզը ինք երկրորդ Պապ Մանտեպ մըն է, որուն փակուիլը մարդասիրական մեծ տարողութեամբ նոր ճգնաժամերու պատճառ կը հանդիսանայ: Այսպիսով ռազմատնտեսական պատերազմը նոր տարածք կը նուաճէ եւ դուրս կու գայ արդէն իսկ համաշխարհային մակարդակով իր հետեւանքները արձանագրած պատերազմի միջինարեւելեան սահմաններէն:

Սէուտական Արաբիան առաջին հարուածուողն է պատերազմի այս ճակատէն: Միացեալ Նահանգներու դաշնակից  եւ ռազմական յենակէտ նկատուող Ռիատը արդէն իսկ հարուածուած էր Իրանէն: Իր տարածքին վրայ գտնուող ռազմավարական եւ ուժանիւթային նշանակէտեր թիրախ էին Իրանի բանակին կողմէ: Հիմա, հուսիները անարգել յառաջանալու միտումներ կը դրսեւորեն եւ ամէնէն կարեւորը լիակատար վերահսկողութիւն կը հաստատեն Պապ Մանտեպի վրայ:

Ամէնէն ուշագրաւը այս բոլորին մէջ այն է, որ Միացեալ Նահանգներ զինուորապէս չեն օժանդակեր Սէուտական Արաբիոյ` հուսիներու յարձակումները զսպելու համար: Աւելի՛ն. յայտարարած էին, որ պիտի չներգրաւուին այս պատերազմին մէջ: Հանելուկային այս կրաւորականութիւնը քաղաքական հետեւութիւններ կ՛ունենայ անշուշտ:

Տնտեսական այս մեծ պատերազմին մէջ առեւտուրի եւ ուժանիւթային պաշարներու արտահանման համաշխարհային կեդրոն նկատուող այս հանգոյցը այսօր կը գտնուի Իրանի ազդեցութեան տակ գործող ուժի վերահսկողութեան ներքոյ: Չյայտարարուած համաձայնութեան մը ուրուականը կը սաւառնի նեղուցի այս տարածքին վրայ:

Ուաշինկթըն պիտի չուզէր նոր ճակատի մը բռնկումին մէջ ներքաշուիլ յատկապէս նոյեմբերի նախօրեակին: Իրանի մարտավարութիւնը, հիմա բռնկեցնելու եմէնեան ճակատը, պահու ընտրութեան առումով կը կապուի միջանկեալ ընտրութիւններուն: Պապ Մանտեպի ամբողջական փակումը սրընթաց նոր մրցանիշներ պիտի ապահովէր վառելիքի շուկային մէջ, ինչ որ իր անդրադարձը կ՛ունենար անշուշտ հանրապետականներու վարկանիշին վրայ: Մրցապայքարը շատ մօտ է դեմոկրատականներուն եւ հանրապետականներուն միջեւ, եւ նոր ներգրաւումը պատերազմական այլ ճակատի մէջ իր ճակատագրական հետեւանքները կրնար ունենալ:

Անշուշտ միայն ներքին լսարանով չեն բացատրուիր աշխարհաքաղաքական այս շարժումները: Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացում, Սէուտական Արաբիա-հուսիներ պատերազմին մէջ չներքաշուիլ եւ հիմա Մոսկուայի հետ ուժանիւթային խնդիրներու շուրջ որոշ պայմանաւորուածութիւններու համար խորհրդակցելու տրամադրութիւններ հրապարակելը միեւնոյն տրամաբանութեան մէջ կը տեղաւորուին: Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչները շփումները կը բարձրացնեն. ուժանիւթի ոլորտին մէջ հաւանական համագործակցութեան թեման յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղարը:

Համաշխարհային ուժանիւթային քարտէսին մէջ  գոյավիճակ է Հորմուզ, բռնկած է Պապ Մանտեպի շուրջ իրավիճակը, եւ ռուս-ամերիկեան խորհրդակցութիւններ կը սկսին այդ ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը վերագործարկելու: Ահաւասիկ ուժանիւթի ոլորտին մէջ ռազմատնտեսական համապատկերը, այսօր:

«Ա.»

Leave a Comment