Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին – Aztag Daily

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատեց, որ երէկ յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին Սիւնիքի մարզի Շաքի գիւղ ազրպէյճանցի զինուորական մը մտած է եւ կրակած Հայաստանի քաղաքացիի մը ոտքին: Ան ձերբակալուած է:

Շաքիի գիւղապետը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին պատմած է, որ տուժողը տեղացի կին մըն է, իսկ դէպքը տեղի ունեցած է անոր երեք երեխաներուն ներկայութեան:

Ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, երկու օր առաջ` 29 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տեղեկացուցած է, որ Ազրպէյճանի զօրամասերէն մէկուն մէջ ծառայող զինուորը անյայտ հանգամանքներու մէջ լքած է ծառայութեան վայրը:

«Չէ բացառուած, որ ան կրնայ ապօրինի կտրած ըլլալ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը: Անկէ ետք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իրաւասու մարմինները իրականացուցած են համապատասխան որոնողական աշխատանքներ», կը յայտնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Թէ ինչո՞ւ նախորդ օրերուն կարելի չէ եղած կանխել զինեալ ազրպէյճանցիի մուտքը Հայաստան կամ աւելի շուտ յայտնաբերել զայն, պաշտօնական հաղորդագրութիւնը չի յստակացներ: Երէկ արդէն, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութիւնը ահազանգ ստացած է կրակոցի մասին:

«Պարզուած է, որ յանցագործութիւնը կատարած է ազրպէյճանցի զինուորը, որ ձերբակալուած է: Դէպքին մանրամասնութիւնները ներկայացուած են նաեւ ազրպէյճանական կողմին: Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէին մէջ դէպքի առնչութեամբ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ», կը յայտնէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Շաքիի գիւղապետին համաձայն, տուժած կնոջ կեանքին վտանգ չի սպառնար:

Leave a Comment