«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամներ Տեսակցեցան «Հայաստանի Մէջ Ժողովրդավարութեան Միջազգային Դիտարան»-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ – Aztag Daily

Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեանը եւ քարտուղար Արթուր Խաչատրեանը Ազգային ժողովին մէջ հիւրընկալեցին «Հայաստանի մէջ Ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան»-ի անկախ փաստահաւաք առաքելութեան անդամներու ներկայացուցիչները:

Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումներու, մարդու իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարական կառոյցներու հետեւողական քայքայման վերաբերեալ յստակ փաստեր:

Առանձին անդրադարձ կատարուեցաւ կալանքի` իբրեւ խափանման միջոցի չարաշահման եւ զայն քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ իբրեւ պատիժի գործիք կիրարկելու դէպքերուն:

 

Leave a Comment