Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները – Aztag Daily

Սեպտեմբեր 28-ին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները:

ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կաթողիկոսին ներկայացուց խորհրդաժողովի աշխատանքները` անդրադառնալով Հայ դատի կառոյցներու գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Այնուհետեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ ներկաներուն` կարեւոր նկատելով միջազգային հարթակներու վրայ հայկական շահերու պաշտպանութեան եւ համազգային հիմնախնդիրներու բարձրաձայնման ուղղութեամբ գործադրուող հետեւողական ջանքերը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներն ու շրջանային զարգացումները, բռնի տեղահանուած արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրները: Այս առնչութեամբ ընդգծուեցաւ ազգային կառոյցներու ներուժի մէկտեղման հրամայականը` ի խնդիր համազգային խնդիրներու լուծման եւ հայրենիքի զօրացման:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ առկայ մտահոգութիւններուն եւ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց եկեղեցւոյ դէմ սանձազերծուած դատապարտելի արշաւին ու յարուցուող խոչընդոտներուն: Ընդգծուեցաւ Հայոց եկեղեցւոյ հոգեփրկչական եւ ազգապահպան առաքելութեան կարեւորութիւնը ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի զօրացման, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց պետականութեան ամրապնդման մէջ:

Leave a Comment