6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին – Aztag Daily

Սեպտեմբեր 27-ը Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական թուական մը դարձաւ, որովհետեւ 6 տարի առաջ` 2020-ի այդ օրը Ազրպէյճան` Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ եւ վարձկան-ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, Արցախի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծեց:

Պատերազմը տեւեց 44 օր եւ աւարտեցաւ նոյն թուականի նոյեմբեր 9-ին` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեամբ: Այդ յայտարարութեամբ սկսաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութիւնը, որուն առաջին քայլը եղաւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան յանձնել Արցախի 7 շրջանները, Շուշին ու Հատրութը:

Ըստ Հայաստանի քննչական կոմիտէին, 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուեցան 3833 անձեր, որոնցմէ 3755-ը` զինուորներ, 78-ը քաղաքացիներ: Անյայտ կը մնայ 191 անձերու ճակատագիրը, որոնցմէ 172-ը` զինուորներ, 19-ը` քաղաքացիներ:

Սեպտեմբեր 27-ը մեր ժողովուրդի յիշողութեան մէջ մնաց իբրեւ ազգային մեծ ողբերգութեան, բայց միաժամանակ մեր հերոս նահատակներու անսահման նուիրումի եւ սխրանքի յիշատակի օր:

Leave a Comment