Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը» – Aztag Daily

Թեհրան Ուաշինկթընին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որը կարելիութիւն կու տայ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու 7 օրուան մէջ եւ վերսկսիլ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, Նիւ Եորքի մէջ յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, կը տեղեկացնէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը:

«Մենք միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած ենք ծրագիր մը, որ եթէ որոշակի պայմաններ բաւարարուին… նեղուցը կը բացուի 7 օրէն», ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ ըսած է ան` աւելցնելով, որ անկէ յետոյ Իրանն ու Միացեալ Նահանգները պիտի վերսկսին բանակցութիւնները վերջնական համաձայնագիրին համար:

Ըստ Թեհրանի, նոր առաջարկը հիմնուած է յունիսին Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ կնքուած փոխըմբռնման յուշագիրին վրայ: Այդ համաձայնագիրը 60 օրով կ՛երկարաձգէր ապրիլեան հրադադարը, որուն ընթացքին Միացեալ Նահանգները պետք է արտօնութիւններ տրամադրէին իրանական նաւթի արտահանման համար, եւ Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութիւնը պէտք է աստիճանաբար վերադառնար նախապատերազմեան մակարդակին, մինչ երկու հակառակորդները կը բանակցէին երկարատեւ կարգաւորման պայմաններու շուրջ:

 

 

Leave a Comment