Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած են թեքնիք ձեւաչափով եռակողմ հանդիպում կայացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, հաղորդած է Վոլոտիմիր Զելենսքի: Այժմ, ըստ Ուքրանիոյ նախագահին, Կիեւ ամերիկեան կողմէն առաջարկներ կը սպասէ ժամկէտին վերաբերեալ:

Զելենսքի յայտնած է նաեւ, որ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք, ուքրանական եւ ամերիկեան բանակցային խումբերը պայմանաւորուած են խորհրդակցութիւններ կայացնել Պրիւքսելի եւ Մոսկուայի հետ, ապա վերադառնալ բանակցութիւններուն:

«Պայմանաւորուածութիւնը այսպիսին է. մենք կը տեղեկացնենք եւ այդ մանրամասնութիւնները կը քննարկենք եւրոպական կողմին հետ: Ամերիկացիները կը խօսին ռուսերուն հետ, եւ տասը օրէն մենք կը վերադառնանք այս կամ այն կարծիքով ու արդիւնքով», ըսած է Ուքրանիոյ նախագահը:

«Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Նասթոյաշչեյէ Վրեմիա» նախագիծին համաձայն, Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով հաստատած է թեքնիք ձեւաչափով եռակողմ հանդիպման նախապատրաստումը: Անոր համաձայն, բանակցութիւնները կրնան կայանալ մօտ ժամանակներս, սակայն այս առնչութեամբ յստակութիւն տակաւին չկայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի բանագնացներ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ Ճարետ Քուշներ 5-6 սեպտեմբերին այցելած էին Մոսկուա եւ Քիեւ, բանակցած Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ղեկավարներուն հետ: Ուքրանիոյ մայրաքաղաքին մէջ անոնք յայտարարեցին բանակցային եռակողմ ձեւաչափին վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին, ինչ որ ո՛չ Կիեւը, ո՛չ ալ Մոսկուան բացառեցին:

Leave a Comment