Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով» – Aztag Daily

«Ոչ ոք կրնայ խօսիլ կամ բանակցիլ Լիբանանի անունով, բացի իր կառավարութենէն եւ անոր սահմանադրական կառոյցներէն», յայտարարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ՄԱԿ-ի հարթակէն արտասանած իր խօսքին մէջ:

ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի խօսքը արտասանելով վարչապետ Սալամ հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր կեցուածքը: Արդարեւ, Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման, իսրայէլեան ուժերու հեռացման, տեղահանուածներու տունդարձին եւ վերակառուցման կողքին Սալամ ընդգծեց ՄԱԿ- ի կողմէ տրուած որոշումներու գործադրութիւնը արդար կերպով:

Ան նաեւ շեշտեց վստահութեան ներշնչումը եւ անոր կիրարկման կարեւորութիւնը  բոլորին` անհատին եւ հաւաքականութեան բարօրութեան  համար հաւասարապէս, իբրեւ երաշխիք ամէնուրեք արդարութեան ամրապնդման:

Երրորդ կէտով Սալամ յիշեցուց 1949-ին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հաստատուած զինադադարը` մերժելով, որ Լիբանան փորձադաշտ դառնայ այլ կողմերու միջեւ հակամարտութեանց : Սալամ նաեւ մերժեց պատերազմի շարունակութիւնը շրջանին մէջ` նշելով, որ Լիբանանը զերծ պէտք է պահել շրջանային պատերազմներու հետեւանքներէն:

Ան նաեւ պահանջեց ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան ամրապնդման գլխաւոր երաշխիքը անոր բանակին գերիշխանութիւնն է` յիշեցնելով, որ երկրի պաշտպանութեան զէնքը պէտք է մնայ միայն բանակի հսկողութեան տակ:

Այս առիթով Սալամ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին կասեցնելու Լիբանանի վրայ յարձակումները եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ  բանակցութեան  կարելիութիւնը հարթեցին:

 

Leave a Comment