Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ – Aztag Daily

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քուլիսային հանդիպումներուն ծիրին մէջ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Փաքիստանի իր պաշտօնակիցին`  Մոհամետ Շահպազ Շերիֆի հետ:

Խօսակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանին մէջ շարունակուող իրանեւամերիկեան հակամարտութիւնն ու իսրայէլեան յարձակումները Լիբանանի, յատկապէս` հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ:

Այս առիթով վարչապետ  Սալամ անհրաժեշտ նկատեց Իսրայէլի դէմ ճնշումներու բանեցման շարունակութիւնը` ապահովելու համար անոր ուժերուն հեռացումը լիբանանեան գրաւեալ տարածքներէն:

Սալամ–Մատպուլի Հանդիպում

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստերուն զուգահեռ երէկ շարունակեց իր քուլիսային հանդիպումները շրջանային թէ միջազգային զանազան երկիրներու ղեկավարներուն հետ:

Այս ծիրին մէջ Սալամ տեսակցեցաւ նաեւ Եգիպտոսի իր պաշտօնակիցին` Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ: Անոնք միասնաբար պարզեցին շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի ապահովական նորագոյն իրադարձութիւնները:

Այս առիթով հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումները յատուկ կարեւորութեամբ նշուեցան` ընդգծելով յարձակումներու կասեցումը, իսրայէլեան ուժերու անյապաղ հեռացումը հարաւային Լիբանանի գրաւեալ տարածքներէն եւ կայունութեան ամրապնդումը:

Leave a Comment