Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը – Aztag Daily

Հայաստանի մէջ 25-28 սեպտեմբերին պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը:

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւիրած համահայկական այս հաւաքին պիտի մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովի նպատակն է գնահատել կառոյցներուն նախընթաց աշխատանքները, քննարկել ու համադրել յառաջիկայ գործողութիւններու հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարել մարտավարական որոշակի վերանայումներ:

Օրակարգի առանցքին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ առհասարակ հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած արտաքին քաղաքական հիմնական մարտահրաւէրներուն քննարկումն է եւ անոնց յաղթահարման գործին մէջ Հայ դատի համակարգի ներուժի նպատակային օգտագործումը:

Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 25 սեպտեմբերին, ժամը 12:00-ին, «Էլիթ փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» սրահին մէջ:

Leave a Comment