Յայտարարութիւններ ( 23 Սեպտեմբեր 2026)

ԱԶԴԱՐԱՐԱԳԻՐ-ԿՈՉՆԱԳԻՐ

Մեծայա՛րգ պրն. Քարլոս Փիեռ Սապունճեան,

Յարգելի՛ պարոն,

Լիբանանի հայոց թեմի Դատաստանական խորհուրդս, իր ուրբաթ, 15 մայիս 2026 թուականին կայացուցած նիստին, որուն ներկայ չգտնուեցաք, զբաղեցաւ ձեր ամուսնալուծման հարցով:

Սոյն ազդարարագիրով ձեզ կը հրաւիրենք Դատաստանական խորհուրդի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2026-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, պաշտպանելու համար ձեր դատը անձամբ կամ փոխարինող անձի միջոցով:

Չներկայանալու պարագային, ձեր բացակայութիւնը ներկայութեան համազօր պիտի նկատուի եւ արձակուի համապատասխան վճիռ:

ԴԱՏԱՍՏԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ

————————————–

ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՆՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ
ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 2026-2027 ուսումնակրթական տարեշրջանի նոր աշակերտներու արձանագրութիւնները սկսած են:

Դպրեվանք կ՛ընդունուին նախակրթարանի 6-րդ դասարանը աւարտած աշակերտներէն սկսեալ մինչեւ վերի կարգերու աշակերտներ:

Դպրեվանք յաճախել փափաքողները տեսչութեան հետ կրնան կապ հաստատել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւերուն` +961 71 752259 կամ +961 71 912832:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԵՎԱՆՈՒՑ

————————————–

Մարաշի Հայրենակցական Միութիւն

Ասեղնագործութեան Անվճար Դասընթացք

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, մեր նախնիներուն սուրբ եւ տոհմիկ աւանդութիւնները պահելու համար եւ զանոնք նորահաս սերունդին փոխանցելու մտադրութեամբ, հայկական ասեղնագործութեան իւրայատուկ դրսեւորումներէն` Մարաշի ասեղնագործութեան անվճար դասընթացք մը պիտի կայանայ միութեան տիկնանց յանձնախումբի կազմակերպութեամբ: Ձեռագործը ուսուցանողն է տիկին Տիգրանուհի Ճինպաշեանը:

Դասընթացքը պիտի սկսի 6 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ, միութեանս «Գերմանիկ» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, երեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, երեկոյեան ժամը 6:00-էն 7:00` մէկ ամսուան տեւողութեամբ:

Փափաքող կիները կրնան կապ հաստատել միութեան գրասենեակին հետ, ամէն օր բացի շաբաթ օրերէն, հեռաձայնելով կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 5:00, հետեւեալ թիւին` 01-269937, կամ տիկնանց միութեան անդամուհիներուն` 70-165973, 70-493270:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՐԱՇԻ
ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment