Ակնարկ. Տիրոյթ Եւ Փոխարինման Փորձեր – Aztag Daily

«Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները 100-ամեակի շեմին» քննարկման նիստին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յատարարութիւնը ունի քանի մը երանգային շերտեր, որոնք պէտք է մանրադիտակի տակ առնել:

Գործակցութեան երկու ուղղութիւն նշուած է: Սեւ Ծովն ու Հարաւային Կովկասը: Երկու պարագային ալ Անգարան իբրեւ միջնորդ, իբրեւ բանակցող նոյնիսկ գործարք կնքող կողմ նախապէս նկատի ունէր Մոսկուան, որուն հետ յարաբերութիւնները խորացուցած էր: Հիմա, նոր յարաբերակցութիւն կը հաղորդուի այս յայտարարութեամբ: Սեւ Ծովու եւ Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւններուն մէջ Անգարան կ՛ուզէ հիմնական դեր ստանձնել եւ խնդիրները լուծել հիմնականին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ: Շրջանցում կայ Մոսկուայի. բայց ոչ միայն Մոսկուայի:

Անգարան կ՛առիթաւորուի այս ձեւով Իրանի պատերազմին ներգրաւուածութենէն եւ ազդակ կը յղէ Ուաշինկթընին: Եւրոպան, մեծ հաշուով,  Ֆիտանի տնտեսական-քաղաքական տեսադաշտին մէջ տեղ չէ գրաւած: Անգարայի ուղերձը Ուաշինկթընին այն է, որ աշխարհաքաղաքականութեան դերակատար է ինք եւ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներուն հետ լուծել խնդիրները:

Յաւակնոտ յայտարարութիւն է թուրք դիւանագէտին կատարածը այն իմաստով, որ համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման համար Ուաշինկթըն պէտք ունի Թուրքիոյ, եւ հաւասարէ հաւասար Ուաշինկթըն-Անգարա գործընկերութիւնն է, որ կրնայ ապահովել տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու զարգացումը:

Այստեղ տարածաշրջանը Հարաւային Կովկասն է: Այդ խաղաղութիւնը, կամ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը, Թուրքիան կը պայմանաւորէր Ազրպէյճանի հետ Երեւանի հարցերու հանգուցալուծումով: Հիմա այդ նախապայմանը այստեղ չ՛երեւիր, եւ երկու բեւեռի միջեւ համագործակցութեամբ կը պայմանաւորուին տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու զարգացումը:

Ռուսիան եւ Իրանը կ՛ենթադրուի, որ հաշտ պիտի չընկալեն Անգարայի ներկայացուցիչին այս յաւակնոտ դերը: Այս ուղերձը գործընթացէն դուրս կը մղէ տարածաշրջանի միւս երկու ուժերը` Մոսկուան եւ Թեհրանը:

Երբ կը խօսուի տնտեսական զարգացման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացի մասին, ապա անպայման ուշադրութեան կեդրոնին կը յայտնուի ԹՐԻՓՓ-ը, որ ամերիկեան ներկայութեան գլխաւոր կէտն է: ԹՐԻՓՓ-ի աշխատիլը, այս կերպ, Անգարան կը պայմանաւորէ իր հետ համակարգումով: Հաղորդուղիներու նոր այլընտրանքային համակարգի մասին է խօսքը, որուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլայ Թուրքիան: ԹՐԻՓՓ-ի աշխատիլը հիմնականին մէջ ամերիկեան որոշում է, համաձայնութեամբ այլ կողմերու: Ռուսական, իրանեան, եւրոպական, ազրպէյճանական:

Խնդիրը ուժանիւթային առեւտուրի նոր ճարտարապետութեան մասին է: Երկու ուղղութիւններուն  նկատմամբ Անգարայի դերը շեշտուած է սեւծովեան աշխարհագրական շրջանին համար: Թուրք դիւանագէտը շեշտած է, որ կը բանակցին թէ՛ Քիեւի եւ թէ՛ Մոսկուայի հետ, որպէսզի սեւծովեան տարածքը հակամարտութեան գօտիի չվերածուի:

Նոյն շեշտադրումը չկայ Հարաւային Կովկասի պարագային, ուր յայտնապէս Անգարան պիտի շարունակէ իր նախապայմանը` Ազրպէյճանի հետ հարցերու կարգաւորման առումով: Հակառակ Թուրքիոյ կողմէ այն ճիգին, որ սահմանի բացման նախապատրաստական աշխատանքները թափով կ՛ընթանան:

Ուժանիւթային եւ հաղորդուղիներու նոր ճարտարապետութիւնը, այս պարագային հայաստանեան տարածքներու վրայ կը կառուցուի հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ: Թուրքիան կ՛ուզէ դառնալ Միացեալ Նահանգներու հիմնական գործընկերը կամ համաճարտարապետը: Համակարգի մը, որ կարեւոր մասով նաեւ Սիւնիքի մէջ կը կառուցուի:

Հարաւային Կովկասը միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ որոշ ժամանակ առաջ ռուսական տիրոյթ կը նկատուէր: Հիմա Անգարան կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներուն հետ կիսուիլ այդ տիրոյթի խնդիրներու հանգուցալուծման գործընթացը: Երեւանը իր արտաքին քաղաքականութեան շրջադարձերուն մէջ չի  կրնար անտեսել այս իրականութիւնը եւ չտեսնել Հարաւային Կովկասի անվտանգային կամ ուժանիւթային հարթութիւններու վրայ նոր ճարտարապետին ներկայութիւնը:

«Ա.»

Leave a Comment