«Էմ. Էմ. Էյ.». Վարդգէս Վարագ Հաշէօլեան` Լիբանանի Ախոյեան – Aztag Daily

Անցեալ շաբաթավերջին, Մոն Լա Սալի մէջ տեղի ունեցաւ խառն մարտական մարզաձեւերու («Էմ. Էմ. Էյ.») պրազիլական Ճիու Ճիթսու մարզաձեւի Լիբանանի ախոյեանութիւնը:

Ծանր կշիռի մրցումներուն, Լիբանանի ախոյեան դարձաւ Վարդգէս Հաշէօլեան, աւարտականին յաղթելէ ետք անցեալ տարուան ախոյեանին:

Ըմբշամարտի կրեփլինկի մարզիկ «Վագօ» Հաշէօլեան, որ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը եւ Լիբանանի ամերիկեան համալսարանը աւարտած է, 24 տարեկան է եւ աւելի քան 3 տարիներէ ի վեր կը մարզուի Լիբանանի միակ մարտական ակումբին` «Ֆայթ լայֆ»-ի մէջ:

Ժաք Սիփիլեանի եւ Ժուլիան Աշքարի հետ մարզուելով` Վագօ Հաշէօլեան երկու տարիէ ի վեր կը մասնակցի Լիբանանի տարբեր մրցաշարքերուն եւ ախոյեանութիւններուն:

Այս տարի մայիս ամսուան, Լիբանանեան բանակի կազմակերպած Ճիու Ճիթսու ախոյեանութեան, Վագօ Հաշէօլեան հասած է աւարտականին եւ 4 կէտերու առաւելութեամբ դարձած է ախոյեան` յաղթելով վերջին 3 տարիներու ախոյեանին:

Հետաքրքրականը այն է, որ երբ ծանր կշիռ ըսենք, այսինքն` 95 քիլոկրամէն աւելի որեւէ կշիռ, Վագոյի մրցակիցը կրնայ հասնիլ մինչեւ 150 քիլոկրամի ալ, մանաւանդ որ այս կշիռի բաց դրութիւնը շատ դժուար ալ կրնայ ըլլալ:

Պէտք է ըսել, որ Լիբանանի Ճիու Ճիթսուի ախոյեանութեան, «Ֆայթ լայֆ» ակումբը իր մասնակցութիւնը բերած էր այս մրցաշարքին 7 մարզիկներով, որոնցմէ, ինչպէս նշեցինք, Վագօ Հաշէօլեան շահեցաւ ոսկի մետալ, 3 մարզիկներ նուաճեցին արծաթ մետալներ, մինչ մէկ մարտիկ ալ շահեցաւ պրոնզէ մետալ:

Յաջողութիւն պիտի մաղթենք Վարդգէս Վարագ Հաշէօլեանին եւ իր ընտանիքին` մաղթելով անոր փայլուն ապագայ թէ՛ մարտական խաղերու եւ թէ՛ կեանքի ընթացքին:

 

 

Leave a Comment