Ճատրակ. Տղոց Հաւաքականը Իր 4-րդ Յաղթանակը Արձանագրեց, Աղջիկները Պարտութիւն Կրեցին Ղազախստանէն – Aztag Daily

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականները կը շարունակեն իրենց ելոյթները Սամարղանտի մէջ տեղի ունեցող 46-րդ ճատրակի Օլիմփիատային:

Առաջին երկու հանգրուաններուն յաղթելէ ետք, զոյգ հաւաքականները երրորդ հանգրուանին ալ կրցան յաղթել իրենց մրցակիցներուն:

Տղաքը 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեցին Շուէտին: Վճռորոշ դարձաւ Գաբրիէլ Սարգսեանի յաղթանակը` Էրիք Պլոմքվիսթի դէմ, մինչ Հայկ Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան հաւասարութեամբ աւարտած էին իրենց մրցումները:

Աղջկանց երրորդ մրցակիցն էր Խրուաթիան: Լիլիթ Մկրտչեան, Մարիամ Մկրտչեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան կրցան իրենց մրցակիցներուն յաղթել` 4-0 արդիւնքով աւարտելով ճակատումը: 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, տղոց հաւաքականը 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Արժանթինը:

Շանթ Սարգսեանի յաղթանակը շատ կարեւոր եղաւ Սանտրօ Մարեքոյի դէմ, մինչ Հայկ, Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Գաբրիէլ հաւասարութիւններ արձանագրած էին իրենց մրցումներուն:

Աղջկանց հաւաքականը իր 4-րդ հանգրուանի ճակատումին 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Ղազախստանի դէմ:

Լիլիթ Մկրտչեան եւ Սուսաննա Գաբոյեան պարտութիւններ կրեցին, մինչ Մարիամ Մկրտչեան եւ Էլինա Դանիէլեան կէսական կէտեր շահեցան հաւասարութիւններէ ետք:

5-րդ հանգրուանին, տղաքը պիտի մրցին Չինաստանի դէմ, մինչ աղջիկները պիտի մրցին Փերուի դէմ:

 

 

Leave a Comment