«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

«Էմ. Էլ. Էս.»-ի այս տարեշրջանի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարուան ախոյեան Ինթեր Մայեմի չկրցաւ մօտենալ առաջին դիրքը գրաւող Նեշվիլի եւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց անոր հետ:

Նեշվիլ բացաւ մրցումին հաշիւը 4-րդ վայրկեանին` անգլիացի Սամ Սարիճի շնորհիւ: 19-րդ վայրկեանին Նեշվիլի յետսապահ Ռիտ Պէյքըր-Ուիթինկ սխալմամբ իր բերդին մէջ նշանակեց Ինթեր Մայեմիի հաւասարութեան կոլը: 62-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի կոլ մը նշանակեց` փոխանցում մը ստանալէ ետք իր ազգակից Ռոտրիկօ Տը Փոլէն, բայց 91-րդ վայրկեանին Սարիճ կոլ մը եւս նշանակեց եւ Նեշվիլ հաւասարութիւն մը խլեց Ինթեր Մայեմիի դաշտին վրայ:

Հակառակ յաղթանակ չարձանագրելուն, Մեսսիի համար այս մրցումը կարեւոր էր: 39 տարեկան արժանթինցին տարեշրջանի իր 19-րդ կոլը նշանակեց` գրաւելով կոլ-սքորըրներու դասաւորման պարագլուխի դիրքը, գերազանցելով Տալասի յառաջապահ Փեթար Մուսային (18 կոլ): Ան իր ասպարէզին 928-րդ կոլը նշանակեց:

Օրլանտօ Սիթի 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորոնթօ Ֆ. Ք. խումբը: Ֆրանսացի Անթուան Կրիզման իր կատարած 13 մրցումներուն կրցաւ նշանակել իր 8-րդ կոլը:

80-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ պահեստի ամերիկահայ մարզիկ Հարվի Սարաճեան, որ 2 վայրկեան ետք նշանակեց Օրլանտոյի 2-րդ կոլը: 96-րդ վայրկեանին Սարաճեան դեր ունէր 3-րդ կոլին նշանակման մէջ: Վերջինս կոլի վերածեց Քոլոմպիացի Իվան Տարիօ Անկուլօ, Քորթես: Օրլանտօ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց Արեւելեան շրջանի 6-րդ դիրքին վրայ հաստատուելով:

Օրլանտոյի մրցումէն քանի մը ժամ ետք, նոյն ակումբի Բ. կարգի խումբերը մրցեցան իրար դէմ, եւ Օրլանտօ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթոյին: Հարվի Սարաճեան դեր ունեցաւ կատարելով էսիսթ մը եւ նշանակելով իր ակումբի 3-րդ կոլը: Բ. կարգի ախոյեանութեան գծով Սարաճեանի 6-րդ կոլն էր ասիկա, եւ անոնց կողքին ան 6 էսիսթ ալ կատարած է:

 

 

Leave a Comment