Գերմանացի թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ կրցաւ շահիլ «Եու. Էս. Օփըն» թենիսի բաց մրցաշարքը, աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք Պեն Շելթընը` 6-3, 7-6, 5-7 եւ 6-2 արդիւնքով:
Զվերեւ այս տարուան իր երկրորդ կրան շլեմի մրցաշարքը կրցաւ շահիլ Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ` դառնալով առաջին գերմանացի թենիսմենը, որ Պորիս Պեքըրէն ետք (1989-ին) կը շահի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած այս մրցաշարքին:
3 ժամ 33 վայրկեան տեւած պայքարէ ետք, Զվերեւ յաղթեց մրցումը եւ ապահովեց տիտղոսը նոյնիսկ չնկատելով ատիկա: Երկվայրկեաններ անց ան պաստառին վրայ արդիւնքը տեսնելէ ետք տօնելու սկսաւ…
6 տարի առաջ, 29 տարեկան Զվերեւ 2 սեթով կը յաղթէր, եւ տակաւին 2 կէտերու պէտք ունէր դառնալու տիտղոսակիր, բայց աւստրիացի Տոմինիք Թիեմ կրցած էր արդիւնքը յեղաշրջել եւ շահիլ: Զվերեւ այժմ շաւ աւելի փորձառու է եւ 6 կրան շլեմի աւարտականի հասնելէ ետք վերջապէս 2026-ին կրցաւ շահիլ 2 տիտղոս:
Շելթըն, որ 6 տարի աւելի երիտասարդ է Զվերեւէն, իր կարելին ըրաւ շահելու այս մրցաշարքը, բայց չկրցաւ յաջորդել Էնտի Ռոտիքին (2003), որ եղած էր վերջին ամերիկացի տիտղոսակիրը` «Եու. Էս. Օփըն»-ի մէջ: