Շաբաթավերջին Երեւանի մէջ վերջ գտաւ միջազգային «Թուր օֆ Արմինիա» հեծելարշաւի շրջավազքը, որ տեղի ունեցած էր Հայաստանի քանի մը մարզերուն մէջ:
Ընդհանուր շրջավազքի ախոյեան դարձաւ իտալացի Սիմոնէ Ռաչանի (Ուքիօ խումբ), Բ. դիրքը գրաւեց դանիացի Քեվըն Պիլ (Ճեներըլ Սթոր-Էսեկիպի-Իլլի Քուրիա խումբ), իսկ այլ իտալացի մը` Լուքա Քովիլի (Պարտիանի Սի. Էս. Էֆ. 7 Սապեր խումբ) գրաւեց 3-րդ դիրքը:
Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Քիրիլ Միլեր, որ 38-րդ դիրքը գրաւեց:
«Թուր օֆ Արմինիա»-ն բաղկացած էր չորս փուլերէ: Շրջավազքի ընդհանուր երկարութիւնը կազմեց մօտ 587 քմ, իսկ բարձրութեան հաւաքը` շուրջ 5300 մեթր: Մասնակիցները մրցեցան Գեղարքունիքի, Տաւուշի, Լոռիի եւ Արագածոտնի մարզերու ճամբաներուն վրայ, իսկ աւարտական փուլը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Միջազգային այս առաջին շրջավազքին մասնակցեցան մարզիկներ եւ խումբեր Ճափոնէն, Իտալիայէն, Ղազախստանէն, Բրիտանիայէն, Թայլանտէն, Լեհաստանէն, Փորթուգալէն, Չեխիայէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկիրներէ:
Այս շրջավազքը ոչ միայն մարզական էր, իր բնոյթով, այլեւ` զբօսաշրջային բաղադրիչ ունէր: Շրջավազքը կ՛անցնէր Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերով, իսկ հեռարձակումի պահուն հանդիսատեսին կը ներկայացուէին երկրի պատմութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը եւ զբօսաշրջային յայտնի տեսարժան վայրերը: