Այսօր յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտել Նուր» մարզադաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբը, Դ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի իր 3-րդ մրցումին, պիտի մրցի Պեքայի ախոյեան Նասր Քամետ Լոզի դէմ:
ՀՄԸՄ Պէյրութ իր առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով մատնած էր Սաֆա Շուէյֆաթը եւ երկրորդ մրցումին Ղատիր Հարիսը` 3-0 արդիւնքով: Նասր առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Ղատիր Հարիսէն եւ նոյն արդիւնքով պարտուած` Սաքաֆի Հերիէն:
Անշուշտ այս արդիւնքները իմաստ չունին, եւ միշտ մրցակիցը դժուար կրնայ ըլլալ, եթէ դուն պատրաստ չես, մինչ մրցակիցը տկար կրնայ թուիլ, եթէ դուն խմբային լաւ խաղ կը խաղաս:
Այս տարի ՀՄԸՄ Պէյրութի ուժը խմբային խաղաոճն է, դաշտին կեդրոնի պայքարը եւ ճնշումը, ուր մրցակից մարզիկներ յաճախ ճնշումի տակ ըլլալով կը կորսնցնեն գնդակը` առիթ տալով ՀՄԸՄ-ին, որ արագ հակայարձակումներով գրաւէ մրցակիցի բերդը:
Համակիրներէն կ՛ակնկալուի, որ ներկայ ըլլան դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, որոնք խումբի յաղթանակին պարագային հսկայ քայլ մը առած կ՛ըլլան հասնելու Գ. դասակարգ:
Նշենք, որ 2 խումբերէն առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը պիտի բարձրանան Գ. դասակարգ:
Այսօրուան մրցումը ճակատագրական կրնայ ըլլալ, մանաւանդ եթէ Արապի Աքքար եւ Սաքաֆի Հերի կէտեր կորսնցնեն իրենց մրցումներուն:
ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու խումբը (20 տարեկանէն վար) զտումի իր 2-րդ մրցումին 9-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Տահր Ահմար խումբին դէմ:
Կի Խանճեան, Վահագն Զարմէնեան (2), Ալեք Նահմէ, Ճօ Հաշեմ (2), Ալի Համիէ (2) եւ Քրիստ Քալաշ նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը:
Առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Նըժմեթ Սահրայէն, կը մնայ մեր երիտասարդներուն կարեւոր մրցում մը` Ռասինկի դէմ (այս շաբաթավերջին): Այս մրցումը պիտի վճռէ, թէ ՀՄԸՄ կրնա՞յ մասնակցիլ Լիբանանի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն: ՀՄԸՄ-ի ապագայի խումբի մարզիկները անշուշտ պէտք ունին համակիրներուն քաջալերանքին` Ռասինկի դէմ մրցումին, որուն մանրամասնութիւնները կը հաղորդենք աւելի ուշ: