Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց. «Հըզպալլայի զինաթափումէն առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական գօտիէն պիտի չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում պիտի չկատարենք»:
Քաց նշեց, որ Ալի Թահեր բարձունքները Լիբանանի մէջ դեղին գիծի եւ իսրայէլեան ապահովական շրջանին մաս կը կազմեն` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստուած է Հըզպալլայի կամ որեւէ այլ կողմի Ալի Թահեր բարձունքներ վերադառնալու փորձը արգիլելու:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը շեշտեց, որ Ալի Թահեր բարձունքներու շրջանին մօտեցող ոեւէ մէկը պիտի վնասազերծուի:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը, սակայն, հաղորդեց, որ Իսրայէլ լիբանանեան բանակի Ալի Թահեր բարձունքներ եւ անոնց մերձակայ շրջաններ մուտքի կարելիութիւնը կը սերտէ:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան բանակը լիբանանեան բանակը կը մեղադրէ Հըզպալլայի դէմ միայն «ձեւական» քայլեր որդեգրելու յանցանքով:
Լիբանանեան աղբիւրներ, սակայն, իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած են. «Վերջին օրերուն, հակառակ իսրայէլեան քննադատութիւններուն, լիբանանեան բանակը շրջանին մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցներուն եւ անդամներուն դէմ կը գործէ»: