Ռուսիան կ՛ակնկալէ, որ մօտիկ ապագային ուքրանական հարցի կարգաւորման շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ հետ եռակողմ հանդիպում տեղի ունենայ: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին ըսած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք յոյս ունինք, որ ատիկա մօտիկ ապագային տեղի պիտի ունենայ», ըսած է ան:
Փեսքով ընդգծած է, որ այս հարցերուն շուրջ քննարկումները արդէն տեղի ունեցած են: Սակայն, ներկայիս, ըստ անոր, Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման նոր առաջարկներ չկան, եւ կողմերը պիտի հանդիպին յատուկ նոր տարբերակները քննարկելու համար: