Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով նախկին օգնական Տէյվիտ Շենքըր յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ շրջագծային համաձայնութիւնը յառաջիկայ հոկտեմբերին որոշուած իսրայէլեան ընտրութիւններէն առաջ պիտի չվճռուի:

«Ներկայիս ընթացող ժողովներուն նպատակը միայն բանակցային հոլովոյթի շարունակութիւնը պահպանելն ու անոր տապալումը կանխարգիլելն է», նշեց Շենքըր:

«Լիբանանեան բանակէն կը պահանջուի ընդլայնել զգայուն շրջաններուն մէջ իր տեղակայումը եւ Հըզպալլայի վերատեղակայման արգելք ըլլալ», ըսաւ ամերիկացի նախկին պաշտօնատարը` աւելցնելով. «Այս առաքելութեան մէջ անոր յաջողութիւնը վճռական ազդակ պիտի ըլլայ Իսրայէլը իր բռնագրաւած շրջանէն աստիճանաբար հեռանալու մղելու մէջ»:

«Կը նախատեսուի, որ բանակցային յառաջիկայ փուլերուն ընթացքին գերիներու փոխանակում եւ կարգ մը շրջաններէ իսրայէլեան հեռացում տեղի ունենայ, սակայն ատիկա հոկտեմբերի ընտրութիւններէն առաջ տեղի պիտի չունենայ», շեշտեց Շենքըր:

«Միացեալ Նահանգները պէտք է առանցքային դեր խաղան լիբանանեան բանակի զգայուն շրջաններուն մէջ իր պարտականութիւնը կատարելէն վստահ ըլլալու համար ազդու ստուգման գործիքակազմի հաստատման մէջ` Իսրայէլը հեռանալու քաջալերելու նպատակով», ըսաւ ան:

«Լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրէ եւ վերջ տայ իր որոշումին վրայ իրանեան տիրապետութեան, սակայն Թեհրան իր դաշնակիցին` Հըզպալլային աջակցելէ ետ պիտի չկանգնի եւ պիտի շարունակէ անոր աջակցութիւն տրամադրել», նշեց Շենքըր:

 

 

 

Leave a Comment