Պասքեթպոլ. Ուասլի «Ֆայնըլ 8-»-ի Մրցումները` 26 Սեպտեմբերին

26 սեպտեմբերին «Նուհատ Նաուֆալ» մարզադաշտին վրայ պիտի սկսին Ուասլ պասքեթպոլի մրցաշարքի «Ֆայնըլ 8»-ի մրցումները:

Երկու խմբակի բաժնուած են 8 խումբերը: Մրցաշարքի ընթացքին վերջին երկու տարիներու տիտղոսակիր Ռիատին իր դէմ պիտի ունենայ  Հնդկաստանի Ինտիըն Ռէյլուէյզ, Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ եւ Քուէյթի Քուէյթ ակումբները, մինչ Բ. խմբակին մէջ Սաժես իր դէմ պիտի ունենայ Իրանի Շահրտարի Կորկանը, Սէուտական Արաբիոյ Օլան եւ Քաթարի Արապին:

6 յաջորդական օրեր մրցումներ կատարելէ ետք, կիսաւարտականն ու աւարտականը 1 օր դադարէ ետք պիտի շարունակուին եւ աւարտին 4 հոկտեմբերին:

 

Leave a Comment