Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի իր 3-րդ մրցումին, ՀՄԸՄ Պէյրութ պիտի մրցի Պեքաայի ախոյեան Նասր Քամեր Լոզի դէմ, Պհամտունի դաշտին վրայ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, շատ կարեւոր պիտի ըլլայ ՀՄԸՄ-ի համար` նկատի ունենալով, որ մրցակիցը, որ տակաւին կէտ չէ շահած, պիտի փորձէ ինքզինք գտնել, մինչ ՀՄԸՄ, որ 6 կէտ ձեռք ձգած է, անպայման 3 կէտերու պէտք ունի աւելի դժուար մրցակիցներու դէմ խաղալէ առաջ:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը բաւական լաւ կը խաղան վերջերս եւ խմբային խաղով մրցակիցը կը յոգնեցնեն, միեւնոյն ժամանակ ճնշելով անոր վրայ կը ստիպեն գնդակ կորսնցնելով արագ հակայարձակումներ կազմակերպել` առիթներ ստեղծելով եւ կոլեր նշանակելով: Քիչ մը աւելի կեդրոնացումով կրնայինք շատ աւելի կոլեր նշանակել նախկին մրցումներուն, բայց այս բոլոր թերութիւնները կը մոռցուին, երբ արդէն կարեւոր նպատակը` 3 կէտեր շահիլը, իրագործուած է:
Յաճախ միայն մէկ կոլ կրնաս նշանակել, բայց կարեւորագոյնը կոլերու թիւը կամ քանակը չ՛ըլլար, այլ նպատակը, որ յաղթանակն է:
Համակիրներէն կը սպասուի մեծ թիւերով ներկայ գտնուիլ դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը, որ վաղուան յաղթանակով քայլ մը եւս կը մօտենան Գ. դասակարգ բարձրանալու: