ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին միջնապահ Արմէն Սանամեան շաբաթավերջին նշանակուեցաւ «Վան» ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
Չարենցաւանի ակումբը յայտարարեց, թէ հայ մասնագէտը, որ ունի «Եու. Է. Էֆ. Ա. Փրօ»-ի մարզիչի արտօնագիր, նշանակուած է գլխաւոր մարզիչ:
Սանամեան, որ նախապէս օգնական մարզիչն էր, «Վան»-էն առաջ մարզած է Ալաշկերտը, Արցախը, Սեւանը, Լոռին եւ Հայքը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն դուրս կարճ ժամանակով (2017-ին) մարզած է Լիբանանի Նըժմէ ակումբը եւ անցեալ տարի Լանս ակումբի ակադեմիան:
Արմէն Սանամեան, որ 1963-էն 1995 մաս կազմած էր Լիբանանի ՀՄԸՄ Պէյրութին, աւելի ուշ խաղցած է նաեւ Նըժմէի եւ Ռասինկի հետ:
Իր առաջին մրցումին, Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի 7-րդ հանգրուանին գծով, «Վան» Չարենցաւանի մարզադաշտին վրայ յաղթեց Երեւանի բանակայիններուն` 2-1 արդիւնքով:
Երեւանի ակումբը, որուն խմբապետն է ՀՄԸՄ Պէյրութի նախկին յետսապահ Արգիշտ Պետրոսեան (2014-էն 2016), բացաւ մրցումին հաշիւը 5-րդ վայրկեանին` շնորհիւ Մայք Ասիրեանի: 51-րդ վայրկեանին Ահմետ Սամանի նշանակեց հաւասարութեան կոլը: 6 վայրկեան ետք Չիմուքա Լուենտօ նշանակեց յաղթանակի կոլը` այս տարեշրջանի «Վան»-ի առաջին յաղթանակը արձանագրելով:
«Վան» բարձրացաւ 9-րդ դիրք` 4 կէտերով, մինչ Երեւանի բանակայինները 7 կէտերով կը գրաւեն 8-րդ դիրքը:
Սիւնիք կը գրաւէ 12-րդ եւ վերջին դիրքը` 2 կէտերով: