Եմէնի մէջ հուսիներու աշխարհի վրայ կարեւորագոյն ծովային անցքերէն մէկը եղող Պապ Մանտեպի շրջանին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելէն ետք, ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանային գործընկերներու հետ կ՛աշխատին Կարմիր ծովուն մէջ նաւարկումի ազատութիւնը պաշտպանելու ջանքերը ամրապնդելու, ապահովական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու եւ իրենց շահերը պաշտպանելու:
«Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Պապ Մանտեպ նեղուցին մէջ կացութիւնը կը զարգանայ վերահսկողութենէ դուրս, ինչ որ Մոսկուային մտահոգութիւն կը պատճառէ:
Ճիպութիէն ալ աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Եմէնի մէջ շարունակուող մագլցումը շրջանի ափրիկեան երկիրներու անվտանգութեան վերաբերեալ հետզհետէ աւելի մտահոգութիւն կը յառաջացնէ:
Աղբիւրը ընդգծած է, որ Եմէնի եւ Ափրիկէի ափերու անվտանգութիւնը անմիջականօրէն փոխկապակցուած են, յատկապէս բախումներուն կենսական կարեւորութիւն ունեցող ծովային միջանցքին մօտենալուն պատճառով: