«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

«Ծիլ» համահայկական ստեղծագործական ծրագիրը լեզուի, ինքնութեան եւ պատանեկան ստեղծարարութեան նոր ուղի մըն է 14-17 տարեկան հայ պատանիներուն համար: Անոր նախաձեռնողն է «Ամրոց» հիմնադրամը, որ ստեղծուած է 2021 թուականին Հայաստանի մէջ, իսկ հիմնադիրներուն մեծամասնութիւնը հայաստանցի գործարարներ են: «Ծիլ» ծրագիրի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու միտումով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ «Ամրոց» հիմնադրամի տնօրէն Անի Ղարաբաղցեանի հետ: Ան դիտել տուաւ, որ «Ծիլ» ծրագիրը «Ամրոց» հիմնադրամի առանցքային ծրագիրներէն է, որ ունի երեք հիմնական բաղադրիչներ.

– «Ծիլ տուր հայերէն» համահայկական պատանեկան ստեղծագործական մրցոյթ, որուն նպատակն է ստեղծագործ պատանիներու բացայայտում, գաղափարներու յայտնաբերում:

– Մարզային աշխատանոցներ` ստեղծագործական մտքի, որակի բարձրացում եւ հմտութիւններու զարգացում:

* Համայնք` համահայկական պատանեկան ստեղծագործական ցանց:

Ղարաբաղցեան բացատրեց, որ յաջորդաբար 5-րդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենայ «Ծիլ տուր հայերէն» մրցոյթը, որուն  կը մասնակցին 14-17 տարեկան պատանիներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն: Ան ըսաւ, որ «Վիվա»-ն թէ՛ 2025-ի եւ թէ՛ 2026-ի մրցոյթի գլխաւոր գործընկերն է, աւելցնելով, որ այս տարուան որպէս խորագիր ընտրած են «Միտքս հայերէն թող հնչէ աշխարհին» եւ կը նախատեսեն կրկնապատկել մասնակիցներուն թիւը եւ աշխարհագրական ընդգրկումը:

Հիմնական անուանակարգին մէջ ունին ստեղծագրութիւն, «քոմիքս» եւ պաստառներու ձեւաւորում եւ այս երեքին մէջ պիտի ստեղծագործեն: Ունին նաեւ օտարագիրը, որուն կարելի է մասնակցութիւն բերել որեւէ լեզուով:

Ղարաբաղցեան դիտել տուաւ, որ մրցոյթը յայտարարած են յուլիս ամսուն եւ սկսած են դիմումնագիրները: Վերջին ժամկէտը 10 հոկտեմբեր է: Ան ըսաւ, որ ուսումնասիրելէ ետք դիմումնագիրները անոնք կը յանձնուին դատական կազմին, որ բաղկացած է Հայաստանի մէջ ապրող ստեղծագործներէ, որոնք մէկ ամսուան տեւողութեամբ կը սերտեն եւ կը յայտարարեն արդիւնքները, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ փակման արարողութիւնը: Այս տարուան մրցոյթի փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ փետրուար 2027-ին, որուն ընթացքին հիմնական անուանակարգի յաղթողները պիտի ստանան նիւթական նուէրներ, իսկ խրախուսական  անուանակարգի յաղթողները` օտարագրի յաղթողները պիտի ստանան կրթական եւ տարբեր նուէրներ:

Անդրադառնալով աշխատանոցներուն եւ Ղարաբաղցեան ըսաւ, որ հովանաւորութեամբ «ԱՄՔՈՐ» հիմնադրամին, 2026-ին սկսած են աշխատանոցներ կազմակերպել, որոնցմէ առաջինը «Ծիլ տուր Լոռի»-ն է, որ ընդգրկած է Հայաստանի տարբեր մարզերէ ժամանած 12 հոգի, եւ 3-4 օրերու ընթացքին անոնք օրական 7-8 ժամ գրած, ստեղծագործած եւ քննարկումներ կատարած են եւ աւարտին ներկայացուցած են իրենց աշխատանքը: Ասիկա իրենց համար լաւ եւ հետաքրքրական փորձառութիւն մը եղած է, եւ այս ծրագիրը պիտի շարունակուի:

Արդարեւ, «Ծիլ» ծրագիրը կը միտի հայերէնը դարձնել Հայաստանի եւ սփիւռքի պատանիներուն ինքնարտայայտման հիմնական լեզուն, նաեւ կոչ է պատանիներուն` խօսելու աշխարհի հետ իրենց լեզուով: Անոնք կը սորվին, որ գրելն ու ստեղծագործելը մշակութային շարունակականութիւն եւ յիշողութիւն պահպանելու հզօր ձեւ է: Բացի լեզուական հմտութիւններէ` պատանիներուն մօտ կը զարգանան` ինքնավստահութիւնը, քննական միտքը եւ համայնքային պատասխանատուութինը:

Դիմելու համար կարելի է ստուգել  https://amrots.foundation/%D5%AE%D5%AB%D5%AC-2026 կայքը կամ գրել i[email protected] հասցէին:

Leave a Comment