Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչ Թալէաթ փաշան 1915 թուականի իր նամակներուն մէջ կը գրէր հայերու ամբողջական բնաջնջման հրէշային ծրագիրին մասին. «Կ՛ուզէինք մէկ հայ ողջ ձգել, այն ալ… թանգարանին մէջ»:
Եթէ Հայաստանի մէջ ընթացող աղիտալի զարգացումները շարունակուին, ապա այն, ինչ որ Թալէաթ չյաջողեցաւ ամբողջութեամբ իրականացնել, իր լրումին պիտի հասցնէ Հայաստանի կառավարութիւնը:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատար Արսէն Թորոսեանը մայիսին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց. «Մենք պէտք է ներգաղթ կազմակերպենք, նոյնիսկ եթէ դա չի տեղաւորւում, այսպէս կոչուած, ազգային գաղափարների մէջ: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ պէտք է ներգաղթեն այստեղ: Առանց դրա` դա տեղի չ՛ունենայ: Մենք նաեւ պէտք է փոխենք մեր մոնոէթնիկ (միացեղ) մտածելակերպը մեր գլուխներում, որովհետեւ այս տարածաշրջանում գոյատեւելու այլ ճանապարհ չկայ»: Թորոսեանը Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարն է: Նախապէս ան վարած է առողջապահութեան նախարարի, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնները, եղած է պատգամաւոր, ինչպէս նաեւ իշխող Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան վարչութեան անդամ է:
Ասիկա եւս հակահայկական գաղափարախօսութիւն է, ինչպէս` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրեթէ բոլոր միւս գործողութիւնները: Ոեւէ խելացի հայ ղեկավար, նախքան շտապ կերպով տասնեակ հազարաւոր օտարներու ներհոսքը կազմակերպելը, պիտի փորձէր խրախուսել եօթը միլիոն հաշուող հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչներուն մէկ մասը` հայրենադարձութիւն կատարելու Հայաստան:
Անոր փոխարէն` Փաշինեանը լծուած է Հայաստանի պատմութեան ու մշակոյթի մերժման, իսկ հիմա ալ` երկրի ժողովրդագրութեան նօսրացման: Սկիզբը ան Ազրպէյճանին յանձնեց հայկական Արցախը` զոհաբերելով հազարաւոր երիտասարդ հայ զինուորներ, այնուհետեւ թոյլ տուաւ Ազրպէյճանին 2021 եւ 2022 թուականներէն սկսեալ բռնագրաւել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի որոշ հատուածները: Այժմ ալ կը խօսի Տիգրանաշէնը Ազրպէյճանին յանձնելու մասին:
Այնուհետեւ Փաշինեանը սկսաւ նսեմացնել հայկական նուիրական ազգային խորհրդանիշները, ինչպէս` Արարատ լեռը:
Նախքան մտահոգուիլը, թէ արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը պատրա՞ստ է ընդունելու սփիւռքահայերը, աւելի մտահոգիչ է իր իսկ քաղաքացիներուն Հայաստան մուտքն ու ընտրութեան օրը քուէարկելը արգելափակելը: Հայաստանի Ազգային ժողովը որդեգրած է նոր օրէնք մը, որուն համաձայն, քուէարկելու նպատակով հայրենիք վերադարձող քաղաքացիները նախ պէտք է մէկ տարի բնակած ըլլան Հայաստան: Ասիկա կը հանդիսանայ քաղաքացիներու ժողովրդավարական ամէնէն հիմնական իրաւունքի խախտում մը:
Կառավարութիւնը նաեւ շատ աւելի դժուարացուցած է սփիւռքահայերուն` Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացը` փոխանակ անոնց հայրենադարձութիւնը խրախուսող պայմաններ առաջարկելու, ինչ որ պիտի նպաստէր Հայաստանի բնակչութեան աճին:
Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը Լիբանան կատարած այցելութենէն առաջ մամուլին յայտնեց, որ կը փափաքի կազմակերպել արաբներու վերաբնակեցումը Հայաստանի մէջ` կարծես չգիտակցելով, որ իր պաշտօնական պարտականութիւնը սփիւռքահայերուն հետ աշխատիլն է, եւ ոչ թէ` արաբներու, չիներու կամ ոեւէ այլ ազգութեան դէպի Հայաստան ներգաղթը խրախուսելը:
Հայ պաշտօնատարներուն յայտարարութիւններուն մէջ ամէնէն մտահոգիչը այն է, որ անոնց` օտարներու Հայաստան վերաբնակեցման մասին քննարկումները ուղի կը հարթեն 300 հազար ազրպէյճանցիներու Հայաստան տեղափոխման, ինչ որ կը նշանակէ Հայաստանի Հանրապետութեան վերջը: Արդէն ամիսներ է` Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւ կը պահանջէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 300 հազար ազրպէյճանցիներ ընդունի Հայաստանի մէջ: Ան նոյնիսկ վերանուանած է Հայաստանը` զայն կոչելով «Արեւմտեան Ազրպէյճան»: Արդեօք Թորոսեանն ու Փաշինեանը պիտի ընդլայնե՞ն իրենց հակահայկական դիրքորոշումը` մինչեւ 300 հազար ազրպէյճանցիներուն Հայաստանի մէջ ընդունուիլը: Ցաւօք, կը կարծեմ, թէ ասիկա մեծապէս հաւանական է: Իսկ եթէ Հայաստանը կործանելու համար ատիկա ալ բաւարար չըլլայ, ապա Հայաստանի սահմանէն այն կողմ կը բնակին միլիոնաւոր թուրքեր: Արդեօք Հայաստանի ղեկավարները այնքան յանդուգն պիտի գտնուի՞ն, որ հրաւիրեն մեծ թիւով թուրքեր տեղափոխուելու Հայաստան: Մտավախութիւն ունիմ, որ անոնք ունակ ըլլան նման քայլի ալ:
Օտար վերլուծաբան Խաւիեր Վիլամոր «The European Conservative» պարբերականին մէջ գրած է, որ Թորոսեանի յայտարարութիւնը` «Ներքին սուր բանավէճ բացած է ազգային ինքնութեան, ժողովրդագրութեան եւ երկրի ռազմավարական ուղղութեան շուրջ… Հայաստանը տասնամեակներ շարունակ ինքզինք բնութագրած է իբրեւ ժողովրդագրական բացառութիւն ունեցող երկիր այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, որ կ՛եռայ ցեղային բախումներով, պատերազմներով եւ զանգուածային տեղահանութիւններով: Ընդամէնը երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող փոքր երկիրը, որուն 97-98 տոկոսը միատարր հայեր են, քաղաքականապէս ձեւաւորուած է ազգային գոյատեւման գաղափարին շուրջ` Օսմանեան ցեղասպանութենէն, խորհրդային համակարգի փլուզումէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն ետք: Այժմ, առաջին անգամն ըլլալով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մօտիկ գործիչներ կը սկսին հրապարակայնօրէն խօսիլ այդ նախատիպը կոտրելու մասին»:
Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը իսկապէս հետաքրքրուած ըլլար Հայաստանի բնակչութեան աճով, ապա ամէն ինչ պիտի ընէր, որ արդէն իսկ երկրին մէջ ապրող քաղաքացիները չլքէին երկիրը: Ան պէտք էր նաեւ ապահովէր բնակարանային անհրաժեշտ պայմաններ եւ աշխատատեղեր, որ վերջին տարիներուն Իրաքէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած հայերը մնային երկրին մէջ: Ցաւօք, անոնցմէ տասնեակ հազարաւորներ արդէն հեռացած են Հայաստանէն:
Հայաստանի կառավարութեան յայտարարած` մեծաթիւ օտարներ Հայաստան բերելու մտադրութեան մերժումը ցեղապաշտութիւն չէ: Անիկա կը բխի այն իրողութենէն, որ բազմաթիւ զանգուածային կոտորածներէ եւ նոյնիսկ Ցեղասպանութենէ վերապրած հայ ժողովուրդը պարտաւոր է պահպանել իր բազմահազարամեայ քաղաքակրթութիւնը` պաշտպանելով զայն ոչնչացումէ:
http://www.thecaliforniacourier.com
