Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

Կիրակի, 23 օգոստոսի այնճարաբնակ Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեան ամոլին «Հիւղը», որ արդէն 14 տարի է ամէն ամառ կը հիւրընկալէ արուեստասէրներ ու գրասէրներ, ունեցաւ ընթացիկ ամրան իր չորրորդ մեծարենցեան երեկոն` հիւր բանախօս ունենալով դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեանը:

Այս հանդիպումին համար  բանախօսը ընտրած էր Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» անզուգական հատորը (1921) եւ Վահագն Դաւթեանի «Գինու երգը» (1966): Սկսելով առաջինէն` ան ներկայացուց հատորին ոդիսականը եւ հրատարակութեան պատմութիւնը, միեւնոյն ժամանակ առիթ տալով ներկաներուն, որ տեսնեն ու շօշափեն «Հացին երգը»-ին առաջին տպագրութիւնը` լոյս տեսած Պոլիս, 1921-ին:

Ապա Իւրնեշլեան թուարկեց շարքին բանաստեղծութիւնները` կեդրոնանալով այդ հատորին գեղագիտական եւ գաղափարական կարեւորութեան վրայ:

Ընդելուզելով Վարուժանի հատորին` իբրեւ կառոյց եւ մտածողութիւն, բանախօսը ապա ներկայացուց Դաւթեանի «Գինու երգը» քերթուածաշարը, որ անուրանալիօրէն կը կրէ վարուժանեան ներշնչում: Այստեղ նոյնպէս ան թուարկեց շարքին քերթուածները, որոնք կը ներկայացնեն գինիի պատրաստութեան բոլոր փուլերը, ինչպէս նաեւ՛ մարդ-բնութիւն կապը, որ յստակօրէն կը շեշտուի Դաւթեանի շարքին մէջ:

Հուսկ, Արմէն Իւրնեշլեան կատարեց երկու հատորներուն բաղդատութիւնը` նշելով տարբերութիւններն ու նմանութիւնները: Ան իր վերլուծումները հիմնաւորեց ու զարդարեց զոյգ հատորներէն բանաստեղծութիւններու ընթերցումով` փորձելով ներկաները Այնճարէն փոխադրել Բրգնիկ ու Արարատեան դաշտ:

Այնճարի արեւը ըմպած խաղողներով ծանրաբեռն Ղարիպեաններու «Հիւղ»-ին արիշին տակ, սոյն գրական երեկոն քսանեակ մը ներկաներուն համար իսկապէս վերածուեցաւ գեղարուեստական վայելքի, որոնք իրենց կարգին, արձանագրեցին իրենց տպաւորութիւններն ու կարծիքները:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Leave a Comment