Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Պաքուի Մէջ Քննարկեց «Թրամփի Ուղի»-ի Հարցերը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Էլընի նախորդող օրերուն Պաքու կատարած այցելութենէն ետք, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ «Թրամփի ուղի»-ի շինարարութեան մեկնարկը յետաձգուած է յաջորդ տարուան: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանը չժխտեց այս մէկը:

Այցելութեան մասին պաշտօնական Պաքուն առանց փակագիծեր բանալու յայտարարեց, որ քննարկեցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջմղումը, երկարաժամկէտ եւ կայուն խաղաղութեան ապահովումը, բայց յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ «Թրամփի ուղի»-ի իրականացման եւ ստեղծման կառավարման ընկերութեան, որ պիտի ղեկավարէ երթուղիի երկայնքով ենթակառուցուածքներու շինարարութիւնը:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան բանբերը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Էլընի այցելութեան վերաբերող որոշ մանրամասնութիւններ տուաւ. «Նկատի ունենալով, որ «Թրամփի ուղի»-ն տեսլականէն կ՛անցնի իրականացման փուլ, այս վարչակազմի առաջնահերթութիւնը կը պահանջէ շրջանային սերտ համակարգում: Երեւանի եւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները միասնաբար կը գործեն գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարի` Պաքու այցելութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ` աջակցելու «Թրամփի ուղի»-ի լիարժէք իրականացման ու Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան շրջանակային համաձայնագիրով ստանձնած յանձնառութիւններուն կատարման», յայտնեցին դեսպանատունէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին ըսաւ, որ ամերիկացի գործընկերները կանոնաւոր կերպով իրենց տեղեկութիւններ կը փոխանցեն հայ-ամերիկեան «Թրամփի ուղի» նախագիծին մասին:

ԹՐԻՓՓ-ի զարգացման ընկերութիւնը կը զբաղի այս ուղիի շինարարութեամբ: Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող ուղիին վերաբերեալ համաձայնագիրը արդէն վաւերացման փուլին մէջ է: Հայ-ամերիկեան այդ ընկերութեան մէջ, ըստ ստորագրուած փաստաթուղթին, Հայաստանի մասնաբաժինը առաջին 50 տարիներուն 26, Ամերիկայինը` 74 տոկոս պիտի ըլլայ:

 

 

Leave a Comment