Ազրպէյճանն ու Հայաստանը թեւակոխած են խաղաղութեան նոր դարաշրջան: Ազրպէյճանը պիտի շարունակէ լրացուցիչ ջանքեր գործադրել շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման եւ ամրապնդման համար: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ այս մասին բռնագրաւուած Ստեփանակերտի Մշակոյթի կեդրոն այցելած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Մենք կը սորվինք խաղաղութեան պայմաններուն մէջ ապրիլ եւ այդ ուղղութեամբ յառաջ կը շարժինք: Մենք հասկցանք, թէ խաղաղութեան մէջ ապրիլը այնքան մեծ զգացում է, որ անկարելի է բառերով արտայայտել: Խաղաղութիւնը կը սկսի նաեւ գետնի վրայ իրականացուող վերականգնողական աշխատանքներէն: Խաղաղութիւնը միայն ճակատման բացակայութիւնը չէ: Խաղաղութիւնը նաեւ խաղաղաշինութիւնն է, վերակառուցման եւ վերականգնման գործընթացին մէջ վստահութեան եւ ապահովութեան ձեւաւորումը:
«Ես նաեւ ուրախ եմ, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու վերջին հանդիպումը անցած է շատ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Երկու կողմերն ալ համաձայնած են սկսիլ երկկողմանի գործակցութեան` նպատակ ունենալով հետագային յառաջ մղել խաղաղութեան օրակարգը, ամրապնդել երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւնը, ինչպէս նաեւ զարգացնել առեւտրական կապերը, ներառեալ` փոխադրամիջոցային փոխկապակցուածութիւնն ու երկու երկիրներուն միջեւ եւ աւելի լայն շրջանին մէջ հաղորդակցութիւնները», նշած է Հաճիեւ: