10 սեպտեմբերին «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Աննա Գրիգորեան եւ քարտուղար Արթուր Խաչատրեան Ազգային ժողովին մէջ հիւրընկալեցին Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ու դեսպանութեան խորհրդական Մարիա Քորոթինան: Այս մասին կը յայտնեն դաշինքէն:
Քննարկման ընթացքին խմբակցութեան անդամները կարեւոր նկատեցին երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ իրենց մտահոգութիւնը արտայայտեցին հայ-ռուսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակին եւ վատթարացող միտումներուն վերաբերեալ:
Պատգամաւորները ընդգծեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ արտաքին առեւտուրի սահմանափակումներուն հետեւանքները կը կրեն պարզ քաղաքացիները, երկրագործական եւ գիւղացիական տնտեսութիւններն ու գործարարները: Զրոյցին ընթացքին կարճ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդդիմադիր ուժերու ղեկավարներու կալանաւորման հարցին: