Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Մեքքայի դաշինքը իր բնոյթով պաշտպանական է եւ կը կեդրոնանայ զսպումի ճամբով անվտանգութեան վրայ, եւ անոր ընդլայնումը ներկայիս սեղանի վրայ չէ»:
Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ մէկ օր առաջ «Ճիօ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիոյ վրայ հուսիներու յարձակումները կրնան միացեալ պաշտպանութեան համաձայնագիրի կիրարկման յանգեցնել»:
Ասեֆ աւելցուց. «Եռակողմ համաձայնագիրին հիմամբ, անոր կողմերէն ոեւէ մէկուն վրայ որեւէ յարձակում բոլորին վրայ յարձակում է»: